50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաշէնի Լիբանանի օգնութեան խաչի վարչութեան կազմակերպութեամբ, փետրուար 7-ի երեկոյեան Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թելադրիչ դասախօսական երեկոյ մը: Հանդիսութեան կը նախագահէր Կիլիկեան վարժարանի տնօրէն Պայծառ Մանուկեան, որ կատարեց հանդիսութեան բացումը` ներկայացնելով օրուան դասախօս, Ազգային Թորգոմեան վարժարանի աւագ ուսուցչուհի Մարի Սարգիսեանը` անոր մէջ գտնելով դաստիարակի ու պարկեշտ հայուհիի սիրուած անձնաւորութիւնը: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յասմիկ Յովսէփեան` մեներգով, Արշակուհի Տէր Խաչատուրեան` արտասանութեամբ, Սահակ Շամլեան` ձեռնադաշնակի նուագով մը:
Մարի Սարգիսեան իր խնամուած դասախօսութեան մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ.-
Կինը ծնած է կազմելու համար ընտանիք եւ ըլլալու համար մայր: Եթէ գիտցաւ այս իրողութեան համար ապրիլ, մարդկութեան բերած կ՛ըլլայ իր նպաստը:
Կնոջ դերն է ընտանիքը պահել բարոյական բարձր մակարդակի վրայ: Նկատի ունենալով, որ ընտանիքն է մարդկութիւնը բարոյապէս կանգուն պահողը, ընտանիք մը կազմելով` ան լաւագոյնս ծառայած կ՛ըլլայ մարդկութեան:
Շատախօս կինը անտանելի է ամէնուրեք: Ամէն վայրկեան անտեղի խօսքերով, անիմաստ դիտողութիւններ ընելով` զաւակներուն, ամուսնոյն, իր խօսքը լսելի չի կրնար դարձնել: Բամբասանքը, կեղծիքը, սուտը տուն կը քանդեն:
Եթէ այրը ընտանիքին սիւնն է, կինը ընտանիքին հոգին է:
Ընկերութեան մէջ կինը անհրաժեշտութիւն է: Ան բնութեան հրաշալիքն է, շնորհ, քնքշութիւն, բարիք, զոհողութիւն է: Մերթ խորամանկութիւն է, նախանձ, ատելութիւն: Մարդու հոգիին թռիչք տուողն է: Մուսան է մարդուն, որ իր ստեղծագործութեան ամէնէն վաւերականները կը պարտի կնոջ կամայ թէ ակամայ ազդեցութեան:
Հայ կինը ընտանիքին մէջ պէտք է գործադրէ հայկական աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները: Ասիկա տգիտութիւն չի նշանակեր, ոչ ալ օտար լեզու խօսիլը տան մէջ եւ օտար սովորութիւններ կիրարկելը կը նշանակեն արդիականութիւն:
Հայ կինը պէտք է ճանչնայ մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, մեր հայրենիքը, մեր լեզուն, որպէսզի սիրէ եւ սիրել տայ իր զաւակներուն այս բոլորը: Պէտք է գիտակցի, որ մեծ դեր ունի կատարելիք հանդէպ փառաւոր ազգի մը, որ աւելի քան արժանի է յարգանքի եւ տեւականացման եւ բարգաւաճման:
Յ. Ա. Ս.
ԱՐԱՅԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Շաբաթ, 4 փետրուար, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ուեսթ հոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ ծանօթ երգիչ Արա Յովհաննիսեանի երգահանդէսը, բարձր հովանաւորութեամբ Իրանի դեսպան տոքթ. Մոհամետ Հիւսէյն Նաժմի: Ներկայ էր երաժշտասէր ընտիր հասարակութիւն մը:
Արա տարիներու երգիչի վաստակով մը մեզի կը ներկայանար: Պարսկաստանի մէջ տասնեակ մը տարիներ հայ եւ պարսկական բեմերէն տարածած է հայ երգը, երգած է պետական ձայնասփիւռէն եւ միշտ պանծացուցած է հայկական երաժշտութիւնը:
Արայով մեր ժամանակի լաւագոյն երգահաններէն ողբացեալ Նիկոլ Գալենդարեանի շատ գեղեցիկ երգերը, վստահ ենք, որ գնահատուելով պիտի ընդունուի մեր գաղութին կողմէ: Ն. Գալենդարեան Պարսկաստանի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած է: Պարսկահայ բանաստեղծներուն լաւագոյն կտորները եղանակաւորած է: Իսկ շատ մօտէն գործակցած եւ յաջողութեամբ երգած ու տարածած է զանոնք իւրայատուկ ապրումով եւ ինքնատիպ վերարտադրութեամբ:
Մօտ քսան երգերէ բաղկացած յայտագրով Արա մեզի ներկայացուց բանաստեղծի եւ երգիչի ներդաշնակ ապրումներով պարսկահայ, հայաստանեան եւ արեւմտահայ երգահանները` իրենց յատկանշական ստեղծագործութիւններով:
Յայտագրին մաս կը կազմէին միայն հայերէն երգեր, բացի երկու պարսկերէն երգերու, որոնց երգահանը եւս հայ էր: Ուրեմն կարելի է ըսել հայկական երգահանդէս մը` տրուած հայ երգիչի մը կողմէ, յատկանշական մանաւանդ անոր համար, որ ներկաները երգերու նոթերուն հետ յստակօրէն կը լսէին երգերուն բառերը, անոնց բանաստեղծական իմաստը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք պարսկահայ սիրելի երգիչին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՐ ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ
4 փետրուար, կիրակի կէսօրէ առաջ, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Ազգային Աբգարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններու եւ թաղիս եկեղեցւոյ բարերարներու համայն ննջեցեալներուն:
Կրօնական արարողութեանց նախագահեց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Պատարագեց եւ քարոզեց Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան: Քարոզիչ հայր սուրբը իր ոգեշունչ քարոզին մէջ շեշտեց բարեգործութեան ոգեկան վսեմ բնոյթը եւ հայ եկեղեցին ու դպրոցը միշտ կանգուն պահելու կենսական անհրաժեշտութիւնը` մեր ժողովուրդին համար:
Այս առիթով, Թաղական խորհուրդի կարգադրութեամբ, հրաւիրուած էին երկու վարժարաններու բարերարներն ու բազմաթիւ երեւելի ազգայիններ: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող սաղիմական միաբան Վաչէ վրդ. Իգնատիոսեան` Ազգային Աբգարեան վարժարանի նախկին սաներէն` Ազգային Աբգարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը եւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ` հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որուն համար կարծես նեղ կու գար եկեղեցին:
Դպրաց դասը ձեռնհասօրէն ղեկավարեց դպրապետ Արիս Պուլղուրճեան: Իսկ Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան հոգեպարար երգեցողութիւնները սփռուեցան բարձրախօսով` թաղի հայութիւնը հաղորդակից դարձնելով օրուան խորհուրդին եւ արարողութեանց: Արարողութիւններէն ետք, Թաղական խորհուրդը իր սրահին մէջ հիւրասիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, պատարագիչ հայր սուրբը եւ ներկայ երեւելի ազգայինները:
Ա. Զ.
7 փետրուար 1962
Նոր Ատանա

