ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՀԻՈՒՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հիուսթընի մէջ ազերի եւ թուրք բնակիչներ ցոյց մը կազմակերպեցին ֆրանսական հիւպատոսարանին դիմաց, 27 յունուար 2012-ին:

Անոնք բողոքեցին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնքը ընդունուած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ:

Ցոյցը կազմակերպուած էր «Միացեալ Նահանգներու ազերիական ցանց»-ի, «Միացեալ Նահանգներու թրքական ցանց»-ի եւ «Հիուսթընի ազերի-թրքական միութեան» կողմէ:

«Ազերիական ցանց»-ի պատասխանատու մը յայտարարեց, որ ցոյցը նախաձեռնած էին` Մեհրիպան Զահիտ եւ Թոկրուլ Մամետպեքով:

Ցուցարարները պաշտօնական բողոքի նամակ յանձնեցին ֆրանսական հիւպատոսարան:

Share this Article
CATEGORIES