ԻՐԱՆ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ…

Ճեմ Օկուզ

Դիւանագիտական գետնի վրայ այս վերջին քանի մը օրերը կը վկայեն հետաքրքրական զարգացումներ` Ազրպէյճան-Իրան յարաբերութեան մէջ:

Այդ զարգացումները ակնբախ դարձան, երբ միջազգային մամուլը անդրադարձաւ ազրպէյճանցի լրագրող` Ռաֆիկ Թակիի սպանութեան: Նշենք, որ Թակի քննադատական մօտեցում ունէր արմատականութեան եւ իրանեան վարչակարգին հանդէպ:

Թէեւ տակաւին փաստեր գոյութիւն չունին, սակայն հիմնական ամբաստանեալը իրանեան ցանցերն են, յատկապէս, որովհետեւ 2007-ին այաթոլլա Ֆազըլ Լենքորանի ֆաթուայի մը մէջ կոչ ուղղած էր սպաննելու Թակին` զայն ամբաստանելով հաւատափոխութեան յանցանքով:

Աւելի ուշ ազրպէյճանական իշխանութիւնները Թեհրանը ամբաստանեցին ազրպէյճանական կարգ մը կայքէջերու խանգարման յանցանքով: Պաքուի մէջ իրանեան դեսպանատունը հերքեց այդ բոլորը:

Իրանցի դիւանագէտներ կը ցաւին, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ կ՛ամբաստանեն իրանեան կառավարութիւնը:

Ազրպէյճանի ազգային ապահովութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ինք բանտարկեց հրոսակախումբերու անդամներ, որոնք կը պատրաստուէին սպաննել Պաքուի մէջ աշխատող օտար քաղաքացիներ:

Ըստ նախարարութեան, այդ հրոսակախումբը լաւ յարաբերութիւններ ունէր իրանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ, ամբաստանութիւն մը, որ շուտով հեգնեց դեսպանատունը:

Իրանեան դեսպանատունը զգուշացուց, որ այդ մէկը սիոնականներու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած «դաւ» մըն է` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները  ականահարելու եւ միջազգային ընտանիքին առջեւ Իրանի պատկերը, համբաւն ու ազդեցութիւնը քանդելու:

Ըստ երեւոյթին, Թեհրան նեղացած է Ազրպէյճանի եւ Արեւմուտքի (յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի) միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին:

Իրան նեղացած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կը պատրաստուին Իրանի դէմ յարձակումի մը` կասեցնելու համար հիւլէական ծրագիրը:

Հասկնալի չէ, թէ Իրան ինչպէս ինքնիրեն իրաւունք կու տայ գանգատելու Ազրպէյճանի ենթադրաբար թշնամական վերաբերումին` նկատի առած Հայաստանի հետ Թեհրանի յարաբերութիւնները:

Թեհրան 1990-ականներու հայ-ազրպէյճանական պատերազմին ընթացքին կողմնակից էր հայերուն:

Այդ շրջանէն ի վեր Թեհրան նախատրամադրուած է նեցուկ կանգնիլ Երեւանի, քան Պաքուի, շրջանային եւ յատկապէս Ղարաբաղի վէճին գծով:

Այս օժանդակութեան համար քանի մը պատճառներ կան, որոնցմէ հիմնականները պիտի թուեմ: Ներկայիս Իրանի մէջ ապրող հայերուն թիւը կը հասնի 100,000-ի` կազմելով երկրին ամէնէն մեծ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը: Իսկ ազերիներու թիւը կը հասնի 20 միլիոնի, սակայն այս թիւին մասին վէճեր գոյութիւն ունին: Այդ ազերիներէն շատեր ձուլուած են իրանական ընկերութեան մէջ եւ կարեւոր պաշտօններու հասած են, ինչպէս` այաթոլլա Ալի Խամենէի, որ յաջորդեց այաթոլլա Խոմէյնիին:

Իրանեան կողմը այս ժողովուրդը կը տեսնէ որպէս հաւանական անջատողական սպառնալիք, որ Ազրպէյճանի կողմէ պիտի օգտագործուի, յատկապէս եթէ Ազրպէյճան վերատիրանայ Ղարաբաղին:

Ճիշդ այս պատճառով է, որ Իրան կը ջանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաւասարակշռութիւն մը պահել:

Նման միջավայրի մէջ կ՛ուզեմ յիշեցնել մեր իրանցի բարեկամներուն` թրքական – ազրպէյճանական ասացուածք մը` «Նախ դուն քեզ ասեղ մը մտցուր եւ տես` որքան կը ցաւի, նախքան քողարկուած ասեղ մը մտցնես ուրիշներուն»:

ՃԵՄ ՕԿՈՒԶ
Թուրքիոյ ռազմագիտական եւ միջազգային
ուսումնասիրութեանց կեդրոնի նախագահ

Share this Article
CATEGORIES