ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ
ԼԱՆՃՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ
13 փետրուարին Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ չինական յատուկ նուագահանդէս:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ կը նշուի հայ-չինական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը, որուն ծիրին մէջ համերգային ծրագիրով Երեւան պիտի գայ Չինաստանի Լանճոյի համալսարանի երաժշտական խումբը: Հաղորդենք, որ նուագահանդէսին կազմակերպիչն է Երեւանի պետական համալսարանի Կոնֆուցիուսի հիմնարկը եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատունը:
Նուագահանդէսին սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Չինաստանի Լանճոյի համալսարանի նախագահ Ծինգ Թառն, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Սուրէն Զոլեան եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիեն Չանչուն: Ներկայ եղան հիւրեր` Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատունէն, Չինաստանէն, տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԿՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին եւ Ակադեմիա պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած են Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած ցուցահանդէսներու, որոնց բացման հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան: Վերջիններս շրջած են ցուցասրահներուն մէջ եւ ծանօթացած են ներկայացուած աշխատանքներուն: Այս մասին յայտնած են կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին մէջ բացուած ցուցահանդէսին ներկայացուած եղած են Կեդրոնի նկարչական սթիւտիոյին սաներուն աշխատանքները, իսկ Ակադեմիա պատկերասրահին մէջ` երիտասարդ ստեղծագործողներու հանրապետական չորրորդ ցուցահանդէս-մրցոյթի մասնակիցներուն գործերը:
ՆՈՒԷՐ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ
Երեւանի քաղաքապետութենէն տեղեկացուցին, որ Երեւանի պատմութեան թանգարանը համալրուած է արեւելեան մշակոյթի հարուստ հաւաքածոյով, որ կը ներառէ բացառիկ նմուշներ:
Հաւաքածոն իրանահայ, ամերիկաբնակ Ռոստոմ Ոսկանեանի նուէրն է թանգարանին, որ յանձնած է նուիրատուին եղբայրը` Զաւէն Ոսկանեան:
Նշենք, որ թանկարժէք հաւաքածոն թանգարանին յանձնուելու ընթացքին ներկայ գտնուած է Երեւանի քաղաքապետը` Տարօն Մարգարեան, որ շրջած եւ ծանօթացած է նմուշներուն:
17-19 դարերուն ընթացքին գործածուած կրօնական ծիսակատարութիւններու եւ կենցաղային առարկաներ` հմայիլներու տուփիկներ, յուռութներ, ճրագամաններ, կնիքներ, կղպանքներ, ջուրի ծորակներ, արդուզարդ, նոյնիսկ` Դարեհի ժամանակաշրջանի 2500-ամեայ մետաղադրամներ: Հաւաքածոն բաղկացած է 2000 ցուցանմուշէ, որոնք նուիրատուն տարբեր տարիներու գնած է Իրան, Հնդկաստան, Փաքիստան եւ արեւելեան այլ երկիրներ կատարած շրջագայութիւններու ընթացքին:
Հաւաքածոն թանգարանին մէջ առանձին ցուցադրութեան պատրաստ պիտի ըլլայ հազիւ տարեվերջին, որովհետեւ փորձագէտներու խորհրդատուութիւնը եւ 2000 ցուցանմուշներու համար պատմական անձնագիրեր կազմելը կը պահանջէ քանի մը ամսուան աշխատանք:
Յայտնենք, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ցուցանմուշներուն ծանօթանալէ ետք Զաւէն Ոսկանեանին յանձնած է Ռոստոմ Ոսկանեանին ուղղուած` Երեւանի քաղաքապետին շնորհակալագիրը:
ԱԼ. ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՕՓԵՐԱՅԻՆ
ԹԱՏՐՈՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը ընթացիկ տարուան դեկտեմբերին ամբողջովին վերակառուցուած եւ վերազինուած պիտի ըլլայ: Այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Ըստ նախարարին, հիմնականօրէն պիտի վերանորոգուին բեմական սարքերը, որովհետեւ անոր պատճառով վտանգուած է ստեղծագործական կազմին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սրահը պիտի վերազինուի լուսանցքային նոր սարքաւորումներով:
Ալ. Սպենդիարեանի անուան թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեան նշած է, որ վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի իրականացուին գերմանական-աւստրիական կազմակերպութեան մը կողմէ, որուն մասնագէտներուն հաւաստումով, աշխատանքները պիտի աւարտին երեքէն-չորս ամսուան ընթացքին: Այդ ժամանակաշրջանին թատրոնը հիւրախաղերով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մարզերուն` Սիւնիքի, Գիւմրիի, Լոռիի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»-Ը ԱՋԱԿՑԱԾ Է ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹԻ
«ՆՈՐԱՐԱՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը տեղեկացուցած է, որ վերջերս Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ հաստատուած Մայքրոսոֆթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նոր ձեւեր կիրարկող ուսուցիչներու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որ իրագործուած էր Մայքրոսոֆթ ընկերութեան եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Գործընկերներ` ուսման ոլորտին մէջ» խորագիրով միացեալ ծրագիրին ծիրին մէջ: Նշենք, որ այս տարուան իրականացուող մրցոյթին հովանաւորութիւնը ստանձնած է Հայաստանի մէջ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը:
«Նորարար ուսուցիչներ» խորագիրով ծրագիրին նպատակն էր մասնակցողներուն ներկայացնել ուսուցման եւ դասաւանդման մակարդակին բարձրացման ուղղուած ա՛յն նորարար արհեստագիտական միջոցները, զորս մշակած են ուսուցիչները:
Նախապէս յայտարարուած մրցոյթին ներկայացուած է 41 նախագիծ, որոնցմէ 13-ը անցած է եզրափակիչ հանգրուան: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ներկայացուած են մրցոյթին արդիւնքները եւ մրցոյթը կազմակերպած յանձնախումբին կողմէ ընտրուած գլխաւոր մրցանակակիրը կարելիութիւն ստացած է մասնակցելու Փորթուգալի Լիզպոն քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Մայքրոսոֆթի եւրոպական «Գործընկերներ` ուսման ոլորտին մէջ» համախմբումին, ինչպէս նաեւ` իր նախագիծը ներկայացնելու միջազգային բեմի վրայ:
Հայաստանեան մրցոյթին մասնակցած բոլոր մասնակիցները արժանացած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Մայքրոսոֆթ ընկերութեան պատուոյ գիրերուն, իսկ շահող նախագիծերը` «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.» եւ Մայքրոսոֆթ ընկերութիւններուն կողմէ սահմանուած մրցանակներու հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ` «Գլխաւոր մրցանակ» ստացողը պիտի մասնակցի այս տարուան մարտ 19-22-ին, Փորթուգալի Լիզպոն քաղաքին մէջ իրագործուելիք «Եւրոպական նորարար ուսուցիչներ» խորագիրով ծրագիրին, որ սահմանուած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ Մայքրոսոֆթի կողմէ: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողներուն մրցանակները սահմանուած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի կողմէ: «Յատուկ մրցանակ» նուիրուած է Մայքրոսոֆթ Արէյ ընկերութեան կողմէ: «Խրախուսական մրցանակներ» սահմանուած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ին կողմէ, ըստ հանդիսատեսին ընտրութեան:
«Հայաստանի այսօրուան մարտահրաւէրը միջազգային որակի կրթութեան անհրաժեշտութիւնն է` գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Իսկ ուսուցման կիրառական գիտակարգերու եւ արհեստագիտական նուաճումներու վրայ հիմնուած նորարարական եւ ստեղծագործական ձեւերը անհրաժեշտ նախապայմաններ են նորարարներու նոր սերունդ պատրաստելու, դաստիարակելու համար: «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը շարունակաբար զգալի ներդրումներ կը կատարէ բարձրորակ կրթութեան ապահովման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայաստանցի երիտասարդութիւնը արժանի է աւելի լաւ ապագայի եւ միեւնոյն ժամանակ ունի արհեստագիտութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի համար մրցակցային առաւելութիւն ապահովելու հսկայական ներուժ», յայտնած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Յայտնենք, որ «Նորարար ուսուցիչներ» խորագիրով ծրագիրը Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամն ըլլալով: Նախորդ տարուան մրցանակակիրները արդէն իսկ առիթը ունեցած են ներկայացնելու իրենց նորամուծութիւնները Պերլինի եւ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած «Եւրոպական նորարար ուսուցիչներ» խորագիրով ծրագիրին: Նշենք, որ նախորդ տարուան հայաստանեան մրցոյթին գլխաւոր մրցանակակիրը` ուսուցչուհի Նարինէ Բաղդասարեան, Եւրոպական համախմբումին եւս արժանացած է առաջին պատուաւոր մրցանակին:
«ՄՈՒՏՔԸ ԳԻՐՔՈՎ» ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ`
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը «Ֆլեշմոպ տիվիզիա»-ի հետ համագործակցութեամբ գիրք նուիրելու օրուան նախօրէին կ՛իրականացնեն «Մուտքը գիրքով» ձեռնարկներու շարքը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ փետրուար 16-18 կարգ մը թատրոններու, համերգասրահներու եւ թանգարաններու մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն ամէն ոք կրնայ մասնակցիլ` նուիրելով գեղարուեստական կամ գիտահանրամատչելի գիրք:
Հաւաքուած գիրքերը նուիրողին անունով եւ ստորագրութեամբ պիտի նուիրուին սահմանամերձ համայնքային գրադարաններուն: Ձեռնարկներուն մասնակցելու պայմանը հետեւեալն է` մուտքի տոմս մը ստանալու համար պէտք է կազմակերպութիւններու դրամարկղին նուիրել գեղարուեստական կամ գիտահանրամատչելի մէկ գիրք:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ
ԱՋԱԿՑԻԼ «ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 8 փետրուարին հանդիպում ունեցած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնի հիմնադիր Սամ Սիմոնեանին եւ կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Տարօն Մարգարեան ողջունելով կեդրոնին կողմէ իրականացուող արտադպրոցական կրթական ծրագիրները` յայտնած է, որ քաղաքապետարանը մնայուն կերպով կ՛աջակցի կեդրոնի գործունէութեան, նկատի առնելով, որ քաղաքապետարանին քաղաքականութիւնը եւս կը նպատակադրէ կրթութեան մակարդակը բարձրացնել տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրարկման միջոցով: Քաղաքապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու կրթական ծրագիրներու իրականացման համար:
«Թումօ» կեդրոնի հիմնադիր Սամ Սիմոնեան խօսելով կեդրոնին գործունէութեան եւ առաքելութեան մասին` նշած է, որ անիկա իրենց ընտանիքին տասը տարիներու երազն էր, որ իրականութիւն դարձաւ մայրաքաղաքին մէջ: «Փոքրիկներուն սէրը մեր կեդրոնին հանդէպ կը քաջալերէ մեզ. ուստի, կ՛առաջարկենք քաղաքապետարանին` իրականացնել ուսումնական միացեալ ծրագիրներ», ըսած է Սամ Սիմոնեան:
2011-էն ի վեր կեդրոնը կու տայ անչափահասներու յատուկ գծանկարային, համակարգչային խաղերու ստեղծման, կայքէջերու մշակման եւ թուայնացման ուսուցման անվճար դասընթացքներ:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան շնորհակալութիւն յայտնած է «Թումօ» կեդրոնի հիմնադիրներուն նաեւ անոր համար, որ անոնք աշխուժ եւ հետեւողական կերպով մասնակցած են Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանի մեծագոյն` Թումանեանի զբօսայգիին բարեկարգման եւ կանաչապատման:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻԱՑԵԱԼ
ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ
ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱՐԱ ԱԿԻՇԵԱՆ ՍՏԱՑԱԾ Է
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ
27 յունուարին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի ատենապետ Արա Ակիշեան, Հայաստանի երկքաղաքացիութեան օրէնքին համաձայն, դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Արա Ակիշեանի յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը` ներկայութեամբ սփիւռքի նախարարութեան ատեանի անդամներուն: Արա Ակիշեան, բազմաթիւ ուրիշ սփիւռքահայերու պէս, այլ պետութեան քաղաքացի ըլլալով հանդերձ, ստացաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, որ շնորհուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ համառօտ կերպով ներկայացուցած է Արա Ակիշեանի կենսագրութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնած եւ մեծապէս գնահատած է անոր ծաւալած հայանպաստ բազմամեայ գործունէութիւնը, անշահախնդիր նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ` «Հայաստան» հիմնադրամի ծրագիրներուն իրագործման ի նպաստ ունեցած գործուն մասնակցութիւնը եւ անգնահատելի ներդրումը:
Արա Ակիշեան, որ 2009-էն ի վեր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի աշխատանքները կը ղեկավարէր, իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ` «ինքզինքս միշտ համարած եմ Հայաստանի քաղաքացի, բայց այժմ յուզուած եւ երջանիկ եմ, որ ստացայ հայրենիքիս քաղաքացիութիւնը»:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

