ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԲԱՐԱԿ ՍԱՌՈՅՑԻ ՎՐԱՅ
Յաջողութիւնը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն ձախողութիւնը որբ է:
Շարք մը թուրք գործիչներ հրապարակ ելան, երբ Ֆրանսայի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղեցին:
Օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող խնդրագիրը ստորագրած ծերակուտականներու բարձր թիւը զարմացուց բազմաթիւ անձեր` ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի մէջ:
Մինչդեռ իսկական անակնկալը եկաւ Ազգային ժողովէն, որուն աւելի քան 60 անդամներ միացան օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող ծերակուտականներուն: Կը թուի, թէ Միշել Տիէֆենպաչեր` թուրք-ֆրանսական բարեկամական խումբին ղեկավարը, բանալի դերակատարութիւն ունեցած է ստորագրահաւաքին մէջ: Ասիկա մեզի պէտք է մտածել տայ, թէ թուրք-ֆրանսական բարեկամութեան խումբին լուծարումը թրքական խորհրդարանին մէջ ի՛նչ աստիճանի իմաստուն քայլ էր:
Թրքական կողմը կը պնդէ, որ ճիշդ այսպիսի հակազդեցութիւններն էին, որոնք ֆրանսացի օրէնսդիրները զօրաշարժի ենթարկեցին:
Ես վստահ չեմ, որ յարաբերութիւնները առկախելու սպառնալիքը կը գտնուի Տիէֆենպաչերի ջանքերուն ետին: Բացայայտօրէն, պատժամիջոցներու սպառնալիքը որոշապէս ազդեցութիւն ունեցած է, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, մսեղէն արտադրողները, որոնք սկսած են շահութաբեր գործարք ունենալ Թուրքիոյ հետ, զօրաշարժի ենթարկուած են եւ իրենց շրջանի խորհրդարանականներուն մօտ լոպիական աշխատանք տարած են:
Սակայն թուրք պաշտօնատարները կ՛ընդունին, որ ստացուած արդիւնքին մէջ, փոխվրէժէն բացի, այլ գործօններ նոյնպէս դերակատար եղած են: Մինչ Թուրքիա անդրադարձած է, որ իր կարծածէն աւելի «դաշնակիցներ» ունի Ֆրանսայի մէջ կը թուի, թէ անսպասելի աջակցութիւն մը եկած է ծայրայեղ աջէն:
«Անցեալին մենք սովորաբար Ֆրանսայի հրեայ համայնքը ունէինք մեր կողքին, իսկ ծայրայեղ աջը` հակառակ կողմը: Այս անգամ հրէական լոպին լռելեայն կեցած էր հայերու կողքին, մինչ ծայրայեղ աջը` մեր կողքին», ինծի ըսաւ թուրք պաշտօնատար մը, որ ընդգծեց օրինագիծը քննադատող Մարին Լը Փէնի յայտարարութիւնը:
«Սարքոզիի հանդէպ իրենց ունեցած ատելութիւնը եւս պատճառ եղաւ, որ անոնք քննադատեն օրինագիծը», ըսաւ նոյն պաշտօնատարը:
Կը թուի, թէ այս ամբողջ հոլովոյթին ոչ դիտումնաւոր հետեւանքը Ֆրանսայի մէջ թրքական համայնքին քաղաքական զօրաշարժի ենթարկուիլը եղաւ: Փաստօրէն քուէարկութեան մասնակցելու համար արձանագրուած թուրքերու թիւը կրկնապատկուեցաւ որոշ շրջաններու մէջ: Ասիկա գոհ ձգեց թուրք պաշտօնատարները, որոնք այլապէս պիտի անցնէին չափազանց տհաճ հոլովոյթէ մը, որ տակաւին չէ աւարտած:
Թէեւ Թուրքիոյ մէջ տակաւին գոյութիւն ունի լաւատեսութիւն մը, որ Սահմանադրական խորհուրդը չեղեալ պիտի յայտարարէ օրինագիծը, այլ տարբերակներու հաւանականութիւնը պէտք չէ բացառել: Խորհուրդը կրնայ մասնակի չեղեալ յայտարարել օրինագիծը կամ որդեգրել ատիկա` օրինագիծին մէջ որոշ մեկնաբանութիւն ներկայացնելով: Երկու պարագաներուն ալ օրինագիծին էութիւնը պիտի մնայ նոյնը, բայց դատական գործ յարուցելու պայմանները աւելի դժուար պիտի ըլլան:
Առայժմ կարելի չէ կանխատեսել Անգարայի հակազդեցութիւնը, եթէ խորհուրդը ամբողջովին չեղեալ չյայտարարէ օրինագիծը:
Ֆրանսայի ըսուած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը կրնայ նուազիլ, քանի տակաւին օրինագիծը չեղեալ չէ յայտարարուած: Եթէ Անգարա որոշէ իր դեսպանը ետ կանչել եւ ֆրանսացի դեսպանը տուն ղրկել, ապա ատիկա կ՛ըլլայ առաջինը` երկու երկիրներու 400-ամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ: Աւելի՛ն. կայ այն հաւանականութիւնը, որ յարաբերութիւնները կրնան այսպէս մնալ քանի մը տարի, քանի որ դժուար պիտի ըլլայ օրինագիծը չեղեալ յայտարարել:
Ասիկա նաեւ ցոյց կու տայ Անգարայի կեցուածքը Եւրոպական Միութեան հանդէպ, որովհետեւ այդ կառոյցին ամէնէն կարեւոր անդամներէն մէկուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը նուազեցնելը վստահաբար իր հետեւանքները պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմումին վրայ:
ՊԱՐՉԸՆ ԵԻՆԱՆՉ
«Հիւրրիյէթ»


