ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ (QUO VADIS)ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Միջին Արեւելքի մէջ զարգացող քաղաքական եւ ռազմական հրաբխային իրավիճակը, անոր մտահոգիչ մակընթացութիւնները, անտարակոյս, կը մտահոգեն նաեւ հայ զանգուածները ամէնուրեք: Այս խորագիրով ստուար յօդուածներ կը գրուին, հարցազրոյցներ կը կատարուին: Բոլորին մտահոգութեան առանցքը կը կազմէ Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան, փորձ կը կատարուի միջազգային ու շրջանային քաղաքական պրիսմակէն դիտուած որոշ վերլուծումի ենթարկել պարզուած քաղաքական կացութիւնները ու կանխատեսել ելքեր` ընդհանրապէս հայութեան ճակատագրին վերաբերեալ:

Սակայն մտահոգիչ կ՛ըլլայ պարագան այն յօդուածներուն, որոնք առարկայական տուեալներով չզօդուելով, հիմք չունենալով պատմական ենթակայական գործօններ, ամբոխային տրամաբանութիւն գրգռելու դիտաւորութեամբ, ընթացք կու տան «ասէկոսէական» տրամաբանութեան` խեղաթիւրելով իրականութիւններ ու պատմական անհերքելի իրողութիւններ, պատճառելով դիտումնաւոր շփոթ` հայկական հանրային կարծիքին ու այն դէտերուն, որոնք շահագրգռուած են այս նիւթով:

Այս տիպի յօդուածներու կարգին կարելի է դասել «Սուրիահայութեան փորձառութեան լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան» խորագիրը կրող Հրաչ Քալսահակեանի գրիչով լոյս տեսած յօդուածը` «Ազատ Հայ» կայքէջին վրայ http://www.azad-hye.net/article/article_view.asp?re=734azzs67:

Անհանգստացնողը սուրիահայու անաղարտ դիմագիծը աղաւաղելու յստակ փորձ մըն է` ստուերի տակ առնելու անոր թէ՛ պարկեշտ քաղաքացիի եւ թէ՛ հայեցի զոյգ դիմագիծերը:

Իր յօդուածին մէջ Հ. Քալսահակեան կ՛արձանագրէ. «Սուրիահայութիւնը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ սեղմումներու, կարգ մը համայնքային ղեկավարներ հալածուեցան, դպրոցները փակուեցան, իսկ վերաբացուելէ ետք դրուեցան պետական մանրակրկիտ հսկողութեան տակ, հայկական դասապահերը խիստ կրճատուեցան եւ հայերէնին տրուեցաւ կրօնական ծիսակատարութիւններու լեզուի կարգավիճակ»:

Լաւ ըրած է այս մէջբերումով` յանուն պատմական ճշմարտութեան: Սակայն, շարունակելով մտածումը, պէտք է նաեւ հաստատէր, որ սուրիահայութիւնը` օժտուած ինքզինք վերանորոգելու ու դժուարութիւնները յաղթահարելու ունակութեամբ եւ խոհականութեամբ, շատ արագ կրցած է սպիացնել բոլոր վէրքերը ու որպէս առինքնող գաղութ` կրկին նուիրագործել, շրջանցելով բոլոր քաղաքական ու տնտեսական դժուարութիւնները: Սուրիահայութիւնը ո՛չ միայն կարողացաւ ամոքել պարագայական կացութիւններ, այլ կրկին ծաղկելով` կառուցեց նո՛ր ազգային կառոյցներ, նո՛ր երկրորդականներ, նո՛ր եկեղեցիներ, նո՛ր կեդրոններ, որոնք որպէս նորանոր կռուաններ, գումարուելով գոյ անհամար հպարտանքի արժանի կառոյցներու վրայ, եկան առաւել ամրագրելու սուրիահայու կենարար կերպարը:

Այո՛, այսօր մայրենին տարիներէ ի վեր կը դասաւանդուի որպէս կրօնական ծիսակատարութիւններ հասկնալու ու ընկալելու միջոց, թերեւս որպէս առանձնաշնորհեալ կարգադրութիւն մը` հայ համայնքին: Այսուամենայնիւ, ի հեճուկս այս «սահմանափակումին», սուրիահայութիւնը առինքնող նախանձելի գաղութներէն մէկը դարձաւ սփիւռքի տարածքին: Այս ամէնը պատահական կամ տարերային զարգացումներ չէին, զանոնք զսպանակող ու կռանող ուժը նոյնինքն հայու ստեղծագործ ու շինարար կամքն էր ու ոգին:

Յիշեցման կարգով պիտի նշեմ, որ նմանօրինակ սահմանափակումներ, ու աւելի՛ն, սեղմումներ առկայ են նաեւ զանազան արեւմտեան ժողովրդավար կարգերու մէջ, ուր ամէն մէկ պետութիւն, մեկնած իր ազգային-պետական շահերէն, կը կարգաւորէ ու կը մշակէ իր կրթական համակարգը` յատուկ կրթական քաղաքականութեամբ, որուն ջուրերուն մէջ իւրաքանչիւր հայ գաղութ ճարտարօրէն նաւարկելու ու գործելու հարկադրանքը ունի:

Այլ տեղ մը Քալսահակեան կը հաստատէ նաեւ, թէ սուրիահայը «… ըլլալով միշտ ապաքաղաքականացուած, հայութեան (եւ շատերուն) համար անսպասելի էին սուրիական քաղաքական իրավիճակի ներկայ զարգացումները, այն աստիճան, որ ինը ամիսներ ետք սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ զարգացումները եւ կը յամենայ կարծել, թէ ամէն ինչ կրնայ նոյն վիճակին  դառնալ»:

Ի՞նչ դիտաւորութեամբ սուրիահայը կ՛որակուի «միշտ ապաքաղաքականացուած»: Արդեօք քաղաքականացած զանգուածներու նախադրեալները ի՞նչ կրնային ըլլալ, որ կը պակսէին կամ կը բացակայէին սուրիահայ զանգուածներուն: Այդ գաղութը իր պատմութեան ընթացքին, իր ներազգային կեանքով ու բազում կառոյցներով կլանուած ու հետապնդած է համազգային տեսլականներ ու ազգային գերխնդիրներ` քաղաքականացած կշռոյթով: Նոյնիսկ ներսուրիական արաբական քաղաքական կեանքին սերտօրէն աղերսուած է` ըլլա՛յ հայորդիներու ուղղակի մասնակցութեամբ, ըլլա՛յ համայնքային կեանքը կարգաւորելու դիտաւորութեամբ յարաբերական աշխատանքներու ճամբով, ըլլա՛յ քաղաքացիական պարտաւորութիւնները ի կատար ածելու` ծառայելով բանակի ու պետական կառոյցներու զանազան  շերտաւորումներուն մէջ: Անպայման, այդ մէկ մասնակցութիւնն անգամ կը ծառայեն գէթ սաղմնային վիճակով` գոյաւորելու  քաղաքականացած միտք ու փորձառութիւն:

Աւելցնենք սուրիահայու քաղաքական կեանքի մասնակցութիւնը զանազան ժամանակներուն` յանձինս բազում հայ քաղաքական դէմքէրու, որոնք ո՛չ միայն հայ համայնքին շահերը պաշտպանելու սեւեռակէտը ունենալով մասնակցած են երկրի քաղաքական կեանքին, այլ իրենց ուրոյն ներդրումով յատուկ դրոշմ ձգած են երկրի զարգացման ու անհերքելի բաժին բերած արդի Սուրիոյ կերտման: Գնդապետ Գարամանուկեանի, Հրաչ Փափազեանի, Զարեհ վեհափառի անունները կը բաւե՞ն արդեօք, որ լոկ ակնածանքով մօտենանք այն հոյլ մը անցեալի ու ներկայի քաղաքական հայ գործիչներուն, որոնք իրենց լուման բերին ու կը շարունակեն բերել գոյաւորելու նաեւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ սուրիահայ զանգուածը:

Կ՛ափսոսամ այսքան աժան վերագրումներուն, ուր սուրիահայութիւնը կ՛ամբաստանուի հաւկուրութեամբ, կացութեան լրջութեան գնահատականին անկարողականութեամբ, իբր թէ ունակութիւնը չունենալով տեսնելու զարգացումները` «կացութիւնը նոյն առաջուան վիճակին դառնալու» ինքնախաբէութիւնը կ՛ապրի:

Կը կարծեմ, որ սուրիահայութիւնը իր բոլոր համայնքային-յարանուանական, հայրենակցական եւ կուսակցական շերտաւորումներով, քաջատեղեակ իր պարկեշտ քաղաքացիի պարտաւորութիւններու ու իրաւունքներու կարելիութիւններուն, հայու առողջ բնազդով ու դատողութեամբ, բաւարար փորձն ու ձեռնհասութիւնը ունի երկրի հարցերու զարգացման հետ քայլ պահելու եւ համապատասխան կողմնորոշումներով վարուելու քաղաքական նուրբ անցուդարձերուն հետ:

Այլ տեղ, Քալսահակեան թռիչք տալով իր վառ երեւակայութեան, հետեւեալ պատկերացումը կ՛արձանագրէ ապագայ սուրիահայութեան մասին. «Ապագայ դրութիւնը, իմ անձնական կարծիքով, վատ չի կրնար ըլլալ հայերուն համար: Նախ պէտք է ըսել, որ հայերը այնքան աննշան փոքրամասնութիւն են 23 միլիոն հասնող բնակչութեան մը համար, որ իրենց դէմ կանխամտածուած հաւաքական վնաս կարելի չէ ակնկալել: Անոնք տակաւին կը վայելեն ճարտար քաղաքացիի համբաւ, բայց անշուշտ բարոյական առումով արժեզրկուած պիտի ըլլան, եթէ չկարենան, թէկուզ ուշացած, համասուրիական ժողովրդավարական տեսլականին հետ առնչուիլ: Կը խորհիմ, թէ սուրիահայութեան մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ իր կեանքը սովորականին նման, քանի որ ապագայ Սուրիան պերճանքը պիտի չունենայ անցեալի սխալները կրկնելու, իսկ երկրի տնտեսական յառաջդիմութիւնը եւ զարգացումը կարեւոր բնագաւառներ են, ուր հայերու ներդրումը արժէք կրնայ ներկայացնել»:

Ապագայ ո՞ր դրութեան մասին է խօսքը: Ի՞նչ պատկերացում «ապագայ Սուրիա»-ի իր հասկացողութեամբ եւ անոր բառացի սահմանումով: Ի՞նչ կը հասկցուի համասուրիական ժողովրդավարական տեսլականին հետ առնչուիլ ըսելով: Արդեօք ապագայ Սուրիան ինչպէ՞ս պիտի խուսափի կրկնելէ «պերճանք»-ը` անցեալի սխալներուն:

Այս հարցադրումներուն անպատասխան մնալը միայն կը ծառայէ շփոթի ու անյստակութեան ջաղացքին ջուր մատակարարելուն: Ի՛նչ ալ ըլլան ապագայ Սուրիոյ պարտադրուելիք ու ստեղծուելիք հաւանական կացութիւնները, սուրիահայը իր պարկեշտ քաղաքացիի դերակատարութեամբ, հետամուտ պէտք է ըլլայ բարենորոգչական նոր գոյաւորուելիք մթնոլորտներուն հետ քայլ պահելու, դրական մթնոլորտի գոյաւորման մասնակից դառնալու ու ձախողեցնելու բոլոր սադրանքները, քայքայիչ անփառունակ ծրագրերը, որոնք կ՛արգելակեն  երկրի բնականոն կեանքը: Նաեւ` սուրիահայութիւնը այլ խնդիր ալ ունենալու է. գուրգուրալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդի միասնականութեան ու բոլոր հատուածներու խաղաղ համակեցութեան վրայ` թումբ կանգնելով օտար, դրսեցի ուժերու գձուձ ախորժակներուն, որոնք մեկնած մեծապետական գաղութատիրական հաշիւներէ, ապակայունացնելով կացութիւններ` կը նկրտին առաւել փքոցել անհանդարտ խարոյկը:

Սուրիոյ ընդդիմադիր տարրը բաղկացած է շատ մը հոսանքներէ, որոնց քիչերուն մօտ առկայ են հայրենասիրական կառուցողական ախորժակներ: Այդ սակաւաթիւ մարդոց մօտ արդար ցասումը կայ` տեսնելու հայրենիքը բարգաւաճ ու օժտուած անխոցելի համակարգով, զերծ ամէն տեսակի փտածութենէ ու պաշտօնի չարաշահութիւններէ:

Պէտք է հաշուի առնել, որ ժողովրդավարութեան կիրարկման դասական եղանակն անգամ համազօր է մշակոյթի մը գոյաւորման, որ կը կառուցուի յարգելով ժողովուրդներու ու միջավայրերու իւրայատկութիւնները եւ ապա կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ: Ժողովրդավարութիւնը չ՛իրականանար կայծակնային միջամտութիւններով ու մատիտի արագ հարուածներով. վկայ` ժողովուրդներու ու ազգերու պատմութիւնը:

Հայ պատասխանատու մարմիններ, իմա` եկեղեցականը, առ այսօր զգօն ու իրապաշտ մեկնաբանութիւններով ու նախաձեռնութիւններով, բծախնդրութեամբ կը հետեւին առօրեայ բոլոր զարգացումներուն, նոյնիսկ` ջատագովը հանդիսանալով իրաւացի ու շինարար արդարացի քննադատութեան ու ինքնասրբագրումի կոչերուն: Արամ վեհափառի յայտարարութիւնը, յետ Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի խառն նիստին, մեր ազգային մեկնակէտը պարզելու լաւագոյն օրինակներէն մէկն է: Մէջբերելով «Ազդակ» օրաթերթէն` կ՛արձանագրենք հետեւեալը. «Վեհափառ հայրապետը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքէն ներս յառաջացած դժուարութիւններուն դիմաց եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը միակամ ու արթուն պահելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ ջարդերէն յետոյ Սուրիան մեզ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը իր հացն ու հայրենիքը մեզի հետ բաժնեց, եւ մենք միշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ գտնուեցանք այդ հայրենիքին: Նոյն նուիրումով ու բարեկամական ամուր կապերով մենք պէտք է կառչինք Սուրիոյ, մեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումը. ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները պէտք է համախմբուին Ազգ. առաջնորդարանին ու մեր կառոյցներուն շուրջ, իրենց մօտեցումներուն ու քայլերուն մէջ միշտ ըլլան արթուն, հեռատես ու խոհեմ, հեռու մնալով զգացական ու պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը այս դժուար օրերուն»:

Բարացուցական է պատգամը, ուր վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ արթնամտութեամբ առաջնորդուելու անհրաժեշտութիւնը, հեռու մնալով զգացական պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ:

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք Տուպայի առթած քաղաքական ճնշիչ մթնոլորտներու ներքեւ յաւակնութիւն կ՛ունենան ազգային ռազմավարական հարցերու նկատմամբ լուծումներ առաջադրել, շեփորել օտարամուտ քաղաքական վարկածներ:

Պր. Քալսահակեան շարունակելով իր եղծումները` կու գայ ըսելու, թէ` «Տարիներու ընթացքին սուրիահայ գաղութին մէջ ձեւաւորուեցաւ այնպիսի ղեկավար խաւ մը, որ օսմանեան օրերէն ժառանգուած եւ անկախ Սուրիոյ մէջ պաշտօնապէս ամրագրուած իրաւունքներով օժտուած, համատարած վարեց գաղութին գործերը` զարկ տալով մշակութային, ընկերային, կրօնական եւ շինարարական աշխատանքներուն: Հայախօս գաղութ ըլլալը դարձաւ կարեւորագոյն դրամագլուխ: Բայց փաստը կը մնայ այն, որ գաղութի ներքին կառոյցները կը տառապին այդ խաւի տասնամեակներու տիրապետութենէն: Գոնէ մարդուժի առումով, յստակ է, թէ մեծ թիւով արհեստավարժ եւ մասնագէտ մարդիկ հեռու մնացած են ազգային-հասարակական կեանքէն` սոյն վերնախաւին մենատիրական ախորժակներուն պատճառով»:

Եղեռնէն ճողոպրած հայ զանգուածները ձեւաւորեցին ղեկավար խաւ մը, որ ժառանգեց օսմանական «ֆես»-ն ու «շալուարը», թրքախօսութիւնը ու կարգ մը թրքաբարոյ սովորութիւններ: Ի շարս այդ ժառանգին` նաեւ ճաշակած էին օսմանցիի դառն կոտորածը եւ աքսորը: Սակայն, տոգորուած ըլլալով հայկական ազգային վսեմ տեսլականներով, «Լանղըր Եախուպ»-ներ, «Թաուիլ Եուսուֆ»-ներ, «Բարթըխ Միսակ»-ներ եւ «Պալապան Խոճա»-ներ շատ արագ կրցան թօթափել ամէն ինչ, որ կը յուշէր օսմանցիին թանձր ու սեւ յիշատակը: Սուրիահայը սկսաւ երգել հայերէն, պատարագել հայերէն, ծաղկեցնել ազգային պուրակը ամենավսեմ ու զուլալ հայկականութիւն բուրող ստորոգելիներով: Ծնան սուրիահայ մտաւորականներ, ազգային հանրային գործիչներ, որոնք իրենց պատուաւոր ներդրումով պանծացուցին գաղութային կեանքը: Աւելի ուշ, այդ փաղանգը իր մտաւորական ու կազմակերպչական ճառագայթումով, լուսաւորեց սփիւռքահայ բոլոր վտարանդի գաղութները` հպարտանքով ու ակնածանքով խօսեցնելով զինք ծնած գաղութի մասին:

Այդ ղեկավար խաւը չվերարտադրեց «մենատիրական ախորժակ»-ներով ազգային գործիչներ, այլ դրօշը փոխանցեց գիտակից ու ձեռնհաս սերունդի մը, որ զինուած բարձրորակ համալսարանական կրթութեամբ, աչքառու համարձակութեամբ ու քաջութեամբ, արհեստավարժ համապատասխան ներդրումով ստանձնեց ազգային-եկեղեցական կառոյցներու ղեկավարութիւնը ու անոնց շուրջ համախմբեց ժողովրդային լայն զանգուածներ: Այդ կառոյցները չտնքացին այդ նուիրեալներու «տասնամեակներու տիրապետութենէն», այլ ուռճանալով` ոռոգեցին ազգային գաղութային կեանքը նոր աւիշով ու հեռանկարային ազգային կիզակէտերով:

Անաչառ նայուածքէ չի վրիպիր գաղութային երկնակամարին պատկերը, ուր կը գործէ ՀԲԸՄ-ը, Համազգայինը, Թէքէեանն ու Կիլիկեանի շրջանակը, հայ յարանուանութիւններու ու բազում բարեսիրական ու հայրենակցական միութիւններու ամբողջականութիւնը, որոնց համայնապատկերը կու գայ կազմելու այն ուսանելի խճանկարը, նախանձելի գոյակցութիւնը, որուն համար արդարօրէն սուրիահայութեան անունին հետ զուգորդուեցաւ Ասպնջականութիւնը ու Մայր Գաղութ հանգամանքը:

Իսկ եթէ «Օսմանեան ժառանգ»-ի ակնարկութիւնը այն օրէնսդրական հանգանակին մասին է` ծանօթ Ազգային սահմանադրութեամբ, ան օսմանական հանգամանքով ի՛սկ, է՛ այն վաւերական փաստաթուղթը, որուն ճամբով հայութիւնը դեռ 19-րդ դարուն ողջմտութիւնը ունեցաւ կարգաւորելու եկեղեցական-համայնքային կեանքը` ստեղծելով այնպիսի ժողովրդավարական համակարգ, ուր համայնքը` կղերական եւ աշխարհական, իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու յստակ օղակաւորումով, օրէնսդրական բուրգային կառոյցով, լուծեց համայնքային խնդիրներ եւ ապահովեց ժողովրդային մասնակցութիւնը ազգային համայնքային կեանքին: Աւելի ուշ, տարագիր զանգուածները իրենց նոր միջավայրերուն մէջ, տեղական նոր պայմաններուն որոշ յարմարեցումներով հիմք ծառայեցուցին այդ օրէնսդրագիրքը, կարգաւորելու համայնքային կեանքը եւ միջպետական յարաբերութիւնները: Այսօր սփիւռքահայութեան հոծ հատուած մը դժուարութիւն չունի  այդ շունչով ու տրամադրութիւններով առաջնորդուելու ու կազմակերպելու գաղութային կեանքը:

Շարունակելով իր յորդորները` յօդուածագիրը կը թելադրէ հետեւեալը. «Հայ ղեկավարութիւնը կրնար անշուշտ աւելի հաւասարակշռուած մօտենալ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող նորագոյն զարգացումներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ կայ նախկին փորձ մը, երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ չափազանց մօտիկութիւնը սուրիահայերը մղած էր զուսպ ըլլալ Հայ դատի հետապնդումի եղանակներուն նկատմամբ: Ղեկավարութիւնը կրնար նոյն խոհեմութիւնը դրսեւորել նաեւ այսօր եւ չէզոքութիւն պահպանել: Այսքան տարի իր մասնակցութիւնը չունենալով սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ` կրնար տարի մը եւս նոյն աննկատ կեցուածքը շարունակել: Այս, այնպիսի ժամանակ, երբ սուրիական ընդդիմութիւնը, հակառակ հազարաւոր զոհերուն, զինեալ լուծումի տարբերակէն հեռու մնալու անընդհատ հաւաստիքներ կու տար»:

Զարմանալիօրէն այս անգամ յօդուածագիրը կ՛ընդունի, որ տեղ մը` սուրիահայ ղեկավարութիւնը  ապաքաղաքականացուած չէ: Աւելի՛ն. քաղաքական արթնամտութիւն ունեցեր է եւ զսպուածութիւն ցուցաբերած է ի տես Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մերձեցման, պահելով Հայ դատի հետապնդման եղանակները հեռու աչքառու դրսեւորումով պաճուճուած ոճէ: Բայց ե՞րբ եղած է, որ հայ ղեկավարութիւնը չյարգէ տեղական նուրբ պայմաններ եւ արկածախնդրական քայլերով վտանգէ հայութեան կայքը: Այս օրերուս սուրիահայը ո՞ր չէզոքութիւնը խանգարած կ՛ըլլայ  ու խոհեմութիւն դրսեւորած չ՛ըլլար, երբ հանդէս կու գայ իր քաղաքացիական զուսպ կեցուածքը ցուցաբերելու, հաւասարակշռուած ու զգօն մօտեցումներով:

Յօդուածագիրը ինչպէ՞ս կրնայ վստահեցնել, թէ մէկ տարուան ժամկէտով, վարելով աննկատ դերակատարութիւն, դառնալով ջայլամ շրջապատի մէջ զարգացող հարցերու հանդէպ, կարելի պիտի ըլլայ դիմակալել աւելի ձեռնտու հանգրուան, նոր քաղաքական կարգավիճակ: Որմէ՞ ներշնչուած, ո՞ր աղբիւրներէ սնած կ՛արձանագրուին այս հաստատումները: Մեզ կը զարմացնէ այսքա՜ն ինքնավստահութիւնն ու իմացութիւնը` դէպքերու ժամկէտերու զարգացումներէ:

Անհերքելի է, որ Սուրիոյ հայ համայնքը տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին չէ վարանած մասնակցելու երկրի քաղաքական կեանքին, օրուան ընձեռնած օրէնքի ու կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ եթէ քաղաքական կեանքէն որոշակի բացակայութիւն արձանագրած է, զանգուածային անդամակցութիւն չունենալով տեղական արաբական կուսակցութիւններու շարքերուն մէջ (իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր) անդամատետրեր վերցնելով, այդ մէկն ալ շատ հասկնալի պատճառներով եղած է, որուն համար, մի՛շտ, պետական օրինապահ մարմիններ հասկացողութիւն ցուցաբերած են:

Այսօր Արեւմուտքի մէջ, ժողովրդավար կարգերու ներքոյ, երկրի հայ քաղաքացիներու շատ աննշան մասը ունի կուսակցական անդամական պատկանելիութիւն, բայց ի հարկին հայ զանգուածները իրենց ներգործօն մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի քաղաքական կեանքի բոլոր դրսեւորումներուն:

Շարունակելով իր մտքի մարզանքը` յօդուածագիրը այս անգամ այլ յղացքով կու գայ ըսելու «…հայութեան քաղաքական կեցուածքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանի հայութեան մեծամասնութեան քաղաքական դիրքորոշումը սուրիական ներկայ վարչակարգին կողքին: Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ հայերու աւանդական արդարացի անվստահութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, կառավարութիւն, որ օրըստօրէ կը դիրքորոշուի սուրիացի ընդդիմադիր հաւաքականութեան կողքին»:

Ինչպէ՞ս կարելի է Թուրքիոյ նկատմամբ սուրիահայութեան անվստահութիւնը «աւանդական» որակել: Կը մոռնանք, որ այդ անվստահութիւնը պատմական ակունքներ ունենալէն անդին, կը բխի մեր պահանջատիրութեան էութենէն եւ երբեք աւանդական չի կրնար ըլլալ: Մինչեւ չհատուցուի արդարութիւնը, մեր անվստահութիւնն ու վերապահութիւնները աւելի պիտի արմատանան: Այս ամէնով կը սպասուի, որ դրական մօտեցում ցուցաբերուի կամ հասկացողութիւն` հանդէպ այնպիսի  տարտամ ընդդիմութեան մը, որ դաշնակից ընդունած է Թուրքիան` նորօսմանական պատմուճանով  ներկայացուած: Թուրքը չի թաքցներ իր նկրտումները` ապակայունացնելու Սուրիան: Չյարգելով միջազգային ընդունուած արժեչափեր, օր ցերեկով կը բացայայտէ իր ախորժակները` ստեղծելու ապահովութեան սահմանային գօտի 50 քիլոմեթր խորութեամբ: Բացորոշ է, որ այդ տարածքներուն մէջ կ՛իյնան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու աւանները, անցնելով Տերիքէն, Գամիշլի, Հասիչէ, Ճարապլուս, Արաբունար, Թէլ Ապիատ, Եագուպիէ, Քեսապ, Հալէպ: Շատ ալ դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ ճակատագիր վերապահուած է այդ շրջաններու հայութեան,  եթէ այս ծրագիրը ի կատար ածուի: Ո՛չ մէկ պայմանի տակ սուրիահայութիւնը կրնայ հաշտ աչքով դիտել այն ընդդիմութեան շերտը, որ Սուրիոյ դարպասները լայնօրէն կը փորձէ բանալ օսմանական ժառանգը վերահաստատելու երազանքը ունեցողներուն դիմաց:

Թորոնթօ, Քանատա

(Շար. 1)

Share this Article
CATEGORIES