ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի սկաուտական նորընտիր ֆետերասիոնին` Ֆըրն Շըպպեքի իր նստավայրին մէջ. հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց նորընտիր ֆետերասիոնին:
Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պայտունին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային

