ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կառավարութիւնը անմիջապէս նիստի հրաւիրելու:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի որոշումը Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն ոչ մէկը պիտի բացառէ: «Արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն տուած որոշումը կը փաստէ, թէ Արաբական լիկան սկսած է հրէական շահեր պաշտպանել», ըսաւ ան:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը, որ յայտնեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան առիթով դաշինք պիտի յայտարարեն Հարիրին սպաննող կողմերուն հետ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներուն համաձայն, Հըզպալլայի կազմակերպած գործողութիւններուն տարողութիւնը շատ աւելի մեծ կ՛ըլլայ, քան ինչ որ պատահած է Հնդկաստանի եւ Վրաստանի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ իսլամական խմբաւորումներու ղեկավարներէն շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք հերքեց ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարիի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Լիբանանի մէջ Քայիտայի պատասխանատուն է:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպէ, եթէ փոխադրածախսի թղթածրարին լուծում մը կարելի չըլլայ գտնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուներէն, նշեց, որ նախագահը խիստ նեղացած է այն ղեկավարութիւններէն, որոնք իրենց նետերը կ՛ուղղեն երկրին Ա. իշխանութեան դէմ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք 48 ժամէն Թրիփոլի պիտի այցելէ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, եւ այդ իմաստով իր մտահոգութիւնները փարատած են:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը 75 միլիոն տոլար պահանջած է` լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւններ տրամադրելու նպատակով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ իրենք յոյս չունին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կրնայ լուրջ եւ երկրին պատասխանատուութիւններուն համազօր որոշում մը տալ:
ՆԿԱՏԻ ունենալով Թրիփոլիի մէջ տիրող պայմանները` Պքերքէ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Թրիփոլի կատարելիք հովուապետական այցելութիւնը առկախուած է:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդներուն` իրենց միջեւ տիրող տարակարծութիւններով չտարուելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` փրկելու համար Պաղեստինը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց որդեգրելու քաղաքական չափաւորական ճառախօսութիւն եւ ազգային երկխօսութեան հորիզոնները բաց պահելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք զօրակից կը մնան սուրիական յեղափոխութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը խիստ պիտի ըլլայ եւ պէտք չէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել: Ան աւելցուց, որ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան քաղաքական շահագործումն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնահարցը այն է, որ 2006-էն ետք Դիմադրութիւնը վերածուած է միլիսի:

