ԺՈՄՊԼԱԹ – ՓԼԱՄՊԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Քայիտա կրկին իր վիզը երկարած է Սուրիոյ յեղափոխութիւնն ու սուրիական ընդդիմութեան խաղաղ գործունէութիւնը աղաւաղէ:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ այս հանգրուանին Այման Զաուահիրիի յայտնութիւնը ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան կազմակերպութեամբ իրականացած է:

Ժոմպլաթ զգուշացուց այս քայլերէն եւ շեշտեց, որ ամէն մակարդակի վրայ ապահովութիւնը պէտք է պահպանել:

 

Share this Article
CATEGORIES