ՄԻՔԱԹԻ. «ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՄ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ռիատ իր դռները ոչ մէկ լիբանանցիի դիմաց կը փակէ` աւելցնելով, որ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններ ստեղծողները անձնաւորութիւններ չեն: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են եւ ինք մօտիկ ապագային Ռիատ պիտի այցելէ:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան ֆրանսական ծրագիր կայ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին ինք պահանջած է այդ օժանդակութիւնները շուտով յատկացնել լիբանանեան բանակին:
Սուրիոյ տագնապին ակնարկելով վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ չէզոք մնալու Լիբանանի կեցուածքը Սուրիոյ հետ Լիբանանի ունեցած պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ միացեալ սահմաններ ունեցող դրացի երկիրներ ըլլալու իրականութեան կը վերագրուի: «Մենք բարին կը ցանկանք ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ սուրիացի ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին գոյութիւնը ողջունելի է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ:

