ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏ

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը:

Նախագահելէ ետք համախմբումին նիստին` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր երկրին մէջ կան որոշ կողմեր, որոնք կը փորձեն հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղել` հիմնուելով պետական նշանակումներուն եւ աշխատավարձի թղթածրարին վրայ, որպէսզի Թրիփոլիի հարցերն ու ժիհատի կոչերը մոռցուին:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ կարելի չէ այս թղթածրարները փոխադրածախսի թղթածրարով փոխանակել: «Կառավարութեան դիմագրաւած հարցը օրէնքի կամ աշխատավարձերու հարց չէ, այլ` իշխանութեան հարց», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը շարունակէ սահմանադրութիւնը խախտել:

Զօր. Աուն նշեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայրենիքին նահատակն է, սակայն անոր ընտանիքը կը մերժէ այդ իրականութիւնը եւ Հարիրիի յիշատակը կ՛օգտագործէ քաղաքական ու ընտրական շահեր ապահովելու համար:

Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ամին Ժեմայէլի եւ Սամիր Ժահժահի` կառավարութեան տապալման մասին կատարած յայտարարութիւններուն պատասխանելով զօր. Աուն ըսաւ. «Եթէ իրենք այդ մէկը կը փափաքին, ապա կառավարութեան կեանքը պիտի երկարի»:

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՄԱՆՍՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նախարար Մանսուր եւ զօր. Աուն

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մանսուր շեշտեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն տուած որոշումը Լիբանանի շահերուն շատ աւելի կը վնասէ, քան Սուրիոյ:

Մանսուր հաստատեց, որ Արաբական լիկային կողմէ տրուած որոշումը երբեք համազօր չէ լիբանանեան կեցուածքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ բարեկարգումնե՞ր կը փափաքին տեսնել, թէ՞ սուրիական վարչակարգը տապալել, Մանսուր ըսաւ, որ ինք իր կարգին Արաբական լիկային մէջ հարցուցած է նոյն հարցումը եւ անպատասխան մնացած:

Մանսուր վերահաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապէն ինքզինք չէզոք պահելու Լիբանանի որոշումին հիմնական նպատակն է Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES