ՌԱՖԻՔ ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ Է. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ Կ՛ԵՐԿԱՐԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Է. տարելիցին առիթով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, Ռաֆիք Հարիրիի քոյրը` երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, կրօնաւորներ եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու համակիրներ:
Ոգեկոչման ձեռնարկին հիմնական բանախօս, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը պատկերասփռուեցաւ հսկայ պաստառի մը ընդմէջէն` նկատի ունենալով, որ ան կը գտնուի Փարիզ:
Սաատ Հարիրի իր արտասանած խօսքին ընդմէջէն խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ ժողովրդավար երկիր, վարչակարգ եւ պետութիւն ունենալու սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքին: Հարիրի բացայայտ կերպով գործակցութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին` զայն նկատելով Սուրիոյ ապագայի յոյսը, որ անպայման պիտի յաղթէ:
Ան խոստացաւ նաեւ լիբանանցիներուն եւ ի մասնաւորի սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ լարուածութիւնները կանխարգիլելու պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Իր խօսքը ուղղելով շիի համայնքին` Հարիրի շեշտեց, որ իրենք շիի համայնքի զաւակները պատասխանատու չեն նկատեր Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան, այլ` վստահած են արդարութեան, որ իր ուղին բռնած է եւ միայն այդ սպանութեան պատասխանատու կողմերը կը փափաքի պատժել:
«Կոչ կ՛ուղղեմ Հըզպալլայի ղեկավարութեան նոր ընթացք մը որդեգրելու` Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու առումով, որովհետեւ ամբաստանեալներուն կառչած մնալով ամբաստանութիւնը կարելի պիտի չըլլայ ջնջել», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա իր զէնքին ուղղութիւնը լիբանանցիներուն դէմ դարձնելով ծառայած կ՛ըլլայ թշնամի Իսրայէլի շահերուն:
Միւս կողմէ, Հարիրի շեշտեց, որ իրենք միայն պետականութեան ծրագիրը կրնան գործադրել Լիբանանի մէջ, որովհետեւ անիկա Ռաֆիք Հարիրիի ծրագիրն է:
Հարիրի դիտել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլա պէտք է զինաթափուի:
Խօսք առաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ ոչ ոք պիտի կարենայ կասեցնել Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը, որովհետեւ վճիռները պիտի արձակուին եւ դիմակները պիտի իյնան:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք հաւատարիմ պիտի մնան Ազատութեան հրապարակի բազմութեան եւ մէկ ու միացեալ Լիբանանի զաւակներուն:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վաղն իսկ պիտի տապալի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է իմանայ, որ ապագան միայն պետութեան կը պատկանի: Ան ողջունեց Հոմսը, Իտլիպը եւ Տարաան` շեշտելով Սուրիոյ յեղափոխութեան յաղթանակը:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը այցելեցին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխանները, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին սպաննուած վարչապետի յիշատակին:
Մոհամետ Ամին մզկիթին շրջափակը այցելող քաղաքական անձնաւորութիւններուն մաս կազմեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ իր կարգին այցելեց Հարիրիի շիրիմը, կարդաց Հարիրիին գրած իր նամակը, որուն մէջ նշեց, որ Իսրայէլի դէմ ուղղուած Դիմադրութեան զէնքին ուղղութիւնը փոխուած է եւ անոր պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը առաջուանը չէ:
Սինիորա շեշտեց, որ «այդ զէնքը կը ծառայէ քեզ սպաննողները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի փափաքած կառավարութեան խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովելու»:
Սինիորա իր նամակին մէջ նշեց նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները` նկատել տալով, որ սուրիացի ժողովուրդը ընդվզած է երկրին վարչակարգին դէմ:
Պէտք է աւելցնել, որ երեսփոխան Սաատ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան Փարիզի մէջ տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կառավարութեան աշխատանքներուն սառեցումը բեմականացուած է` աւելցնելով, որ 15 փետրուարէն ետք կառավարութիւնը պիտի վերադառնայ գումարելու իր նիստերը:
Ան նշեց, որ ինք իր ապաքինումը աւարտելէ անմիջապէս ետք պիտի վերադառնայ Պէյրութ, հակառակ անոր որ ապահովական վտանգները տակաւին առկայ են:
Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն գնով պիտի պայքարի` պահպանելու համար երկրին իշխանութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին վերադառնալու իմաստով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միակ նախապայմանը Հըզպալլայի ապազինման քննարկումն է:
Միւս կողմէ, Պահիա Հարիրիի հրաւէրով «Փլաս տը Լեթուալ»-ի մէջ խումբ մը երեսփոխաններ սուրճ խմեցին Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին` նկատի ունենալով, որ նախքան պայթումի թիրախ դառնալը սպաննուած վարչապետը նոյն վայրին մէջ խմած էր իր վերջին սուրճը:
Նշենք, որ Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումին վայրին` Այն Մրեյսէի «Սեն Ժորժ» պանդոկին կից, պայթումին ժամուն` 12:55-ին, «Ազատութեան» ջահը վառեցաւ:


