ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳՈՀ Է ՀՐԱԶԴԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն անձամբ հետեւեցաւ կիրակի օր Հրազդանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի ընտրութիւններուն:
Երէկ ան լրագրողներուն յայտնեց, որ հանդիպումներ ունեցած է երկու կողմերուն, ընտրատարածքային յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ հոլովոյթին վերահսկող դէտերուն հետ:
«Ես ուրախ էի տեսնելով, որ ընտրատեղամասերուն մէջ ամէն ինչ կարգին է: Երկու կողմերն ալ վստահեցուցին, որ ընտրական հոլովոյթը կ՛անցնի թափանցիկ եւ պատշաճ ձեւով», նշեց դեսպանը:
Ինչ կը վերաբերի ընտրական խախտումներու մասին յայտարարութիւններուն, ան կ՛ակնկալէ, որ իշխանութիւնները քայլեր ձեռնարկեն այդ առնչութեամբ:
CATEGORIES Հայկական

