ՕՊԱՄԱ 2013-Ի ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԿՐՃԱՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՈՂ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ներկայացուցած է իր երկրին 2013-ի պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ կոչ ուղղած է 19 առ հարիւրով կրճատելու Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օգնութեան չափը:
Օպամա առաջարկած է 27,219,000 տոլար տնտեսական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին, ինչ որ փաստօրէն 32 առ հարիւրով քիչ է 2012-ի պիւտճէով նախատեսուած տնտեսական օգնութեան չափէն, որ 40 միլիոն տոլար էր:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 2013-ին Տնտեսական օժանդակութեան հիմնադրամին մէջ, ինչպէս նախապէս, ներառուած չեն Թմրեցուցիչներու եւ իրաւակարգի նկատմամբ միջազգային վերահսկողութեան ծրագիրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու` Հայաստանին յատկացուելիք 2,824,000 տոլար եւ Առողջապահութեան համաշխարհային ծրագիրներու ծիրին մէջ յատկացուելիք 2,500,000 տոլար օգնութիւնը: «Եթէ այդ երկու կէտերը աւելցնենք Տնտեսական օժանդակութեան հիմնադրամի ծիրին մէջ առաջարկուելիք 27,219,000 տոլար օգնութեան, ապա Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օգնութեան ընդհանուր չափը 32,543,000 տոլար պիտի կազմէ, ինչ որ փաստօրէն 19 առ հարիւրով քիչ է 2012-ի եւ 2013-ի յատկացուած օգնութեան չափէն», ըսուած է Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ:
«Մենք տխուր ենք, սակայն զարմացած չենք, որ Օպամա անգամ մը եւս կը փորձէ կրճատել Հայաստանի տնտեսական օգնութեան չափը: Անոր վարչակազմը առաջարկած է այս տարի 19 առ հարիւրով կրճատել Հայաստանի օգնութեան չափը` հակառակ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շրջափակումէն բխող կործանիչ հետեւանքներուն եւ Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ ամերիկեան առաքելութիւններուն ու Ուաշինկթընի շրջանային նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի աջակցութեան», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան:
Ինչ կը վերաբերի զինուորական օգնութեան, ապա Օպամայի վարչակազմը այս տարի առաջարկած է Օտարերկրեայ զինուորական ֆինանսաւորման եւ Միջազգային զինուորական կրթութեան եւ ուսուցման ծիրին մէջ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին հաւասարաչափ օգնութիւն տրամադրել:
2013-ի պիւտճէի նախագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութեան մասին չի խօսուիր:
Ազրպէյճանին յատկացուած օգնութեան չափը 16,6 միլիոն տոլարէն նուազած է 11,029,000 տոլարի, իսկ Վրաստանին յատկացուած օգնութեան չափը` 66 միլիոնէն 42,660,000 տոլարի:
Միջազգային զինուորական կրթութեան եւ ուսուցման ծիրին մէջ Օպամա առաջարկած է Թուրքիոյ յատկացնել 3,6 միլիոն տոլար: Նշենք, որ Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Օպամա կոչ ուղղած է Իսրայէլի հետ հակահրթիռային համակարգի միացեալ ծրագիրի 3.6 եռիլիոն տոլար գումարը նուազեցնել 6,3 միլիոն տոլարով:


