«ՄԵՆՔ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ ՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Լիլիթ Գալստեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան երէկ յայտարարեց, թէ չի հաւատար, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ցանկայ մայիսին արդար խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել:

Նշելով ուրիշին փոխարէն քուէարկելու վերջին դէպքը` պատգամաւորը լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ թէեւ իր կուսակցութիւնը այսպիսի քայլի հեղինակը չէ, բայց ինք կ՛ամչնայ, որ նոյն այդ խորհրդարանին պատգամաւոր է:

«Եւ այս ըմբռնումով, այս բարոյականութեամբ, այս ձեռագիրով կ՛երթանք ընտրութիւններուն, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հանրապետական  կուսակցութեան ձեռքէն կը բռնենք, չենք կրնար ապացուցել, ուր մնաց ետքը», նշեց Գալստեան եւ վստահեցուց, որ ներկայիս արժէքներու յեղափոխութեան խնդիր ունինք:

Գալստեան աւելի քան տարօրինակ նկատեց այն փաստը, որ 12 փետրուարին  տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ժամանակ 82 առ հարիւրով համայնքի ղեկավարներ ընտրուած են Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամները եւ նշեց, որ կարելի չէ, որ բնակչութեան 82 առ հարիւրը կը վստահի Հանրապետականին եւ յետոյ մեծ զանգուածներով կը ձգէ, կը հեռանայ երկրէն:

Share this Article
CATEGORIES