ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի հետ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան նաեւ այցելեց «Զաւարեան» հայկական վարժարան, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը յունահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահը ներկաներուն ծանօթացուց Արցախի ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակը, վերջին շրջանի ձեռքբերումները եւ պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներուն հարցումներուն:
Նոյն օրը Բակօ Սահակեան այցելեց նաեւ «Արարատ» ակումբ, ուր յունահայ համայնքը Արցախի նախագահին ի պատիւ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը:
CATEGORIES Հայկական


