ՍԵՐՊԻԱ ԿՐՆԱՅ ԽՈՋԱԼՈՒԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆԸ» ՃԱՆՉՆԱԼ

Ազրպէյճանական «Թուտէյ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Զորան Վայովիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սերպիա կրնայ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը» ճանչնալ:

Ան ըսած է, թէ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակներ կը գործեն, իսկ սերպական կողմը վերջերս ազրպէյճանական կողմէն Ազրպէյճան այցելելու հրաւէր մը ստացած է:

«Նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` այս այցելութեան ընթացքին թերեւս Խոջալուի «ցեղասպանութեան» ճանաչման հարցը քննարկուի», նշած է Սերպիոյ դեսպանը:

Նշենք, որ Փաքիստանի եւ Մեքսիքայի խորհրդարանները ճանչցած են այսպէս կոչուած Խոջալուի ցեղասպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES