ԹԵՆԻՍԻ «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»-Ի ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԹԻՆ` 3-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Արժանթինի թենիսի ազգային խումբը, «Տէյվիս Քափ»-ի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Նշենք, որ 2011-ին Արժանթին վերոնշեալ մրցաշարքին հասած էր աւարտականին, ուր պարտուած էր Սպանիայէն:
Արժանթին, որ նախորդ շաբաթավերջին պարտութեան մատնեց Գերմանիան (4-1), յաջորդ հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Խրուաթիան: Նշենք, որ Արժանթինի յաղթանակը կերտողներէն մէկն էր Դաւիթ Նալպանտեան:
Դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ Սպանիա, ապա` Սերպիա:
Առաջին 10-ին մէջ են նաեւ Ֆրանսա, Չեխիա, Խրուաթիա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրիա, Ղազախստան եւ Ռուսիա, կ՛եզրափակէ PanARMENIAN.Net:
CATEGORIES Մարզական

