ՌՈՒՍԻՈՅ ԹԵՆԻՍԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԱՐԿԱՐԻԹԱ ԵՒ ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
Նախանցեալ օր, Ալմեթեւսքիի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ Ռուսիոյ թենիսի բաժակի 2012-ի մրցաշարքը, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net կայքէջը:
Անհատական եւ զոյգի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 մարզիկներ` 50 քաղաքներէ:
Աղջկանց անհատական մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Մարկարիթա Գասպարեան, որ աւարտականին յաղթեց Տարիա Միրինովային (6-3 եւ 6-1):
Տղոց զոյգի աւարտականին յաղթանակ արձանագրեց Երուանդ Գասպարեան – Միհայիլ Ելգին զոյգը:
Նշենք, որ նոյն վայրին մէջ յառաջիկայ մարտի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ թենիսի երիտասարդներու միջազգային առաջին մրցաշարքը:
CATEGORIES Մարզական

