ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ` ԳԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան կը յայտնէ, որ Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի հաւաքականը շատ հաւանաբար իր մրցումները կատարէ Գիւմրիի քաղաքային դաշտին վրայ:
Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 12 յունիսին պիտի հիւրընկալէ Անտորրան: Գ. խմբակին մաս կազմող հայրենի կազմը այժմ 8 կէտով կը գտնուի 3-րդ դիրքին վրայ:
10 կէտով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Չեխիա:
CATEGORIES Մարզական

