ՊԱՐԱՔԵԹ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՔՏԵՍԻԻ

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ նախանցեալ օր այցելեց Սաժես ակումբին նախկին նախագահ Թալալ Մաքտեսիի` անոր գրասենեակին մէջ (Հըրշ Թապեթ):

Այս այցելութիւնը կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլին զօրակցող անձերուն տրուող շնորհակալական այցելութիւններուն ծիրին մէջ:

Այցելելէ բացի Մաքտեսիի, Պարաքեթ անոր տուաւ նաեւ յատուկ յուշանուէր մը` քաջալերելով անոր տարած եւ տանելիք աշխատանքներն ու օժանդակութիւնները` ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջխաղացքին:

Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սաժես ակումբի նախագահ Էլի Մըշանթաֆ եւ ակումբին պատասխանատուներէն Ալեքօ Տաուտ:

 

Share this Article
CATEGORIES