ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ՓԱՔԻՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ (3-2)
Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած թենիսի Տէյվիս-Քափի Բ. խմբակի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք), Փաքիստան 3-2 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ խումբին` Լիբանանի:
Այսպիսով, Փաքիստան մնաց Բ. խմբակին մէջ, մինչ Լիբանան յառաջիկայ ապրիլին փլէյ-օֆի մրցում մը պիտի կատարէ Ֆիլիփեաններ – Փասիֆիք կղզիներ մրցումին յաղթականին դէմ, որ կ՛իյնայ նոյն խմբակին ծիրին մէջ` մնալու համար Բ. խմբակին մէջ:
Նշենք, որ Փաքիստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Լիբանան թէեւ 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, սակայն յաջողեցաւ արդիւնքը 2-2 հաւասարեցնել, որմէ ետք կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
CATEGORIES Մարզական

