ԴԱՒԻԹ ԽԻԹԱՐԵԱՆ ԺԻՒՏՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ Ա. ԿԱՐԳԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐԻ ԿՈՉՈՒՄ ՍՏԱՑԱՒ

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցաւ ժիւտոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին, ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը կատարած է ողիմպիական Ա. կարգի իրաւարարներու քննութիւն:

Այս քննութեան համար նկատի առնուած էին 15 երկիրներէ 16 միջազգային կարգի իրաւարարներ: Հայաստանէն նկատի առնուած իրաւարարն էր Դաւիթ Խիթարեան:

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, Խիթարեան իր քննութիւնը յաջող ձեւով կատարելէ ետք ստացած է ողիմպիական Ա. կարգի իրաւարարի պատուաւոր կոչում:

 

Share this Article
CATEGORIES