50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ`
ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊԻ

(ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Էշրեֆիէի Համազգայինի վարչութեան կազմակերպած եւ Գրիգոր Զոհրապի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գրական երեկոն տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» սրահին մէջ, որ կանուխէն եկած էր լեցնել գրասէր հասարակութիւնը:

Բեմին վրայ, դասախօսներու յատկացուած ամպիոնին քով, ծաղիկներու մէջ դրուած էր Գրիգոր Զոհրապի նկարը` «Հարիւրամեակ» վերտառութեամբ:

Րաֆֆի Պէրպէրեան, հակիրճ բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց առաջին դասախօս Գրիգոր Շահինեանը, որ խօսեցաւ` նիւթ ունենալով «Գրիգոր Զոհրապ` գրագէտը», հիանալի կերպով վերլուծելով անոր գրականութեան բոլոր յատկանիշները, պարզ եւ դիւրահաղորդ ոճով մը:

Կու տանք իր յայտնած մտքերուն ամփոփումը.

«Գրիգոր Զոհրապ, որ նորավէպի իշխան կոչուած է մեր մէջ իրաւամբ, կեանքի մէջ նաեւ եղած է իշխան` բառին ամենաազնիւ իմաստով:

Գրականութենէն ներս իր մուտքը եղած է իշխանավայել: Քովնտի դռներէ չէ մտած ան, այլ` ուղղակի կեդրոնի դարպասէն: Ինք չէ անդրադարձած իր մուտքին, որովհետեւ եղած է սիրող (ամաթէօր) գրող մը եւ իր զբաղումներուն մէջ ամէնէն ոտքի մնացողն է եղած գրականութիւնը: Գրած է իր հաճոյքին համար: Եղած է ոչ միայն գրագէտ, այլ` մեր նորավէպի ստեղծիչը:

Պատմուածքը դէպքի մը նկարագրութիւնն է` առանց անդրադառնալու այդ դէպքին ծնունդ տուող անցեալի դէպքերուն ու պատճառներու:

Գրիգոր Զոհրապ իր իշխանական խառնուածքով ներկայ է միշտ իր նորավէպերուն մէջ. իր հերոսները, նոյնիսկ եթէ անոնք այինկաճիներ են (մաքսանենգներ), կը ներկայանան միշտ վատութեան անընդունակ ազնուական հոգիով: Ընդհանրապէս խոնարհներ են իր նախընտրած տիպարները:

Իրապաշտ գրող մըն է Զոհրապ. իր գիրքերէն մէկուն խորագիրն է` «Կեանքը ինչպէս որ է», ո՛չ, կեանքը այնպէս չէ, ինչպէս որ տեսած եւ նկարագրած է ինք: Զոհրապի հոգին անընդունակ է տգեղութիւններ տեսնելու, անոր նկարագրած աշխարհը գեղեցիկ է միշտ եւ մարդիկ` վատութեան անընդունակ: Զոհրապի գրականութիւնը բիւրեղացումն է իր ներաշխարհին:

Ինքզինք գրագէտ չնկատող այս մարդը եղաւ մեր մեծագոյն գրագէտներէն մէկը, որ, ինչպէս ըսինք, իշխանի մը պէս մուտք գործեց գրականութենէն ներս, ապրեցաւ իբրեւ այդպիսին եւ գրաւեց իշխանավայել գագաթ մը: Ասիկա ըսել չէ սակայն, թէ նոյնը մնաց իբրեւ գրող` սկիզբի օրէն մինչեւ իր եղերական վախճանը: Տեւապէս ինքզինք սրբագրեց ան եւ սկիզբի գրութեանց մէջ երեւցող հաստ երգիծանքը վերածեց ամենանուրբ հիւմըրի: Բանաստեղծութեամբ թաթաւուն շքեղ իր ոճով գրիգոր զոհրապականութիւնը միշտ կը պահէ իր այժմէականութիւնը:

Գրիգոր Զոհրապի գեղեցկագոյն գրութիւններէն «Ռեհան»-ը կարդացուեցաւ Հայկազուն Թրթռեանի կողմէ:

Երկրորդ դասախօսն էր Մ. Իշխան. նիւթը` «Գրիգոր Զոհրապ մարդը»: Ստորեւ ամփոփումը.

Գրիգոր Զոհրապ մեծ միտք մըն էր եւ մեծ սիրտ մը. մարդ մը, որուն նմանը ազգի մը մէջ դար մը մէկ հատ կը ծնի: Մարդ մըն էր ան` խորաթափանց մտքով ու բանաստեղծ հոգիով: Սիրած է ամէն ինչ, որ գեղեցիկ է, մասնաւորաբար` գեղեցիկ կիները եւ ծաղիկները: Չափազանց նրբաճաշակ եղած է. նոյնիսկ իր կնոջ ու աղջկան արդուզարդին ամենայետին մանրամասնութեամբ հետաքրքրուած, իր տունը զարդարած է գեղեցկագոյն զարդերով: Եղած է ներկայանալի, կենսունակ եւ քաջառողջ մարդ, սիրահար` աշխարհիկ վայելքներու: Գրած է, երբ պէտք զգացած է… հանգստանալու. գրած է երբեմն ուշ գիշերին երեկոյթէ մը վերադառնալէ ետք` գրելու հաճոյքին համար:

Խիզախութիւնը եղած էր երկրորդ կարեւոր յատկանիշը այս մեծ մարդուն: 1909-ին, երբ տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը, ինքն էր, որ օսմանեան խորհրդարանի բեմէն ամենաազդու բողոքը բարձրացուց` ստիպելով կառավարութիւնը, որ քննիչ յանձնախումբ մը ուղարկէ յանցաւորները ստուգելու եւ պատժելու: Նոյնպիսի խիզախութեամբ դիմած էր ան Թալէաթ փաշային` ձերբակալուած հայ մտաւորականներու մասին հաշիւ պահանջելու: Թալէաթ ազատելու համար այդ խիզախ բողոքարկուէն` զայն ալ ճակատագրակից դարձուց անոնց:

Եղած է ան բարի իշխան մը, հոգածու իր ժողովուրդին: Իբրեւ ազգային երեսփոխան` միշտ նախընտրած է ընտրուիլ Սամաթիոյ աղքատիկ շրջանէն:

Մեծ եղեռնին նախընտրեց մեռնիլ իր ժողովուրդին հետ` մերժելով երկու անգամ փախուստի առաջարկները, մին` Պոլսոյ, միւսը` Հալէպի մէջ:

Այն ոճրագործները, որոնք անոր գանկը փշրեցին, կարծեցին մեռցնել զայն. բայց այդ թուականէն մօտ կէս դար յետոյ ան ներկայ է մեր մէջ իր ոգեշնչող ներկայութեամբ. եթէ լռած է հռետորը, սակայն կ՛ապրի գրագէտը իր գիրքերով եւ պիտի ապրի ընդերկար, քանի կ՛ապրի հայութիւնը:

Կը մաղթենք, որ Համազգայինի նման ձեռնարկները յաճախակի ըլլան:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES