ՏՕՆԵՐ – ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Բուն Բարեկենդանը հայերու հնագոյն տօներէն է եւ կը նշուի Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ:
Պահքերու նախորդ օրերը կը կոչուին Բարեկենդան, իսկ Մեծ պահքին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանը: Ուրեմն Բուն Բարեկենդանը, քանի որ կը նախորդէ ամէնէն երկար պահքին:
Անցեալին Բարեկենդանի առիթով կը կազմակերպուէին ընտանեկան խրախճանքներ` առատ ուտելիք, կերուխում:
Տանտիկինները իրենց պահած մթերքներով շռայլօրէն կը հիւրասիրէին ընտանիքին անդամները եւ հիւրերը: Տօնին կը պատրաստուէին եւ կը մասնակցէին մեծ ու փոքր:
Երկու-երեք օր առաջ կիներ եւ տղամարդիկ կը դադրեցնէին իրենց գործերը, խաղեր կը կազմակերպէին թէ՛ մեծերու եւ թէ՛ փոքրերուն հետ:
Ծերունիները իրենց կարգին կը միանային այս կամ այն խումբին` «թոփ խաղալու»: Երիտասարդները «սուրմագիլի» կամ «կունդի» կը խաղային:
Տօնին անբաժան մասն էին ժողովրդական ներկայացումներն ու դիմակաւոր խաղերը: Ներկայացումներու ժամանակ ծիծաղախառն կատակներով կը քննադատէին մեծաւորներն ու իշխանութիւնները: Մեծ ու փոքր կը հաւաքուէին, եւ պետական ու եկեղեցական օրէնքները մէկ կողմ դրած, ամէն մարդ առանց քաշուելու իր խօսքը կ՛ըսէ:
Փաստօրէն Բուն Բարեկենդանը, բացի խրախճանքէն, կերուխումէն, նաեւ ազատութեան օր էր:
Ընդհանուր առմամբ, դիմակի գործածութիւնը, սրախաղը, ձիարշաւը եւ խրախճանքները կը յատկանշէին Բարեկենդանը:
Քեսապի մէջ բացօթեայ խաղեր կը կազմակերպուէին հրապարակներուն կամ տանիքներուն վրայ: Բուն Բարեկենդանին պատանիներն ու երիտասարդները կը ծպտուէին տարբեր ձեւերով, կը մրոտէին իրենց երեսը, նաեւ պարապ խխունջներով շինուած վզնոցներ կ՛անցընէին իրենց վիզէն: Իւրաքանչիւր շարժումի հետ վզնոցները ծնծղայի պէս կը հնչէին եւ հաճոյք կը պատճառէին:
Բուն Բարեկենդանով վերջ կը տրուի ուտելիքի շռայլութեան եւ ծայր կ՛առնէ Մեծ պահքը:
ՍՏՈՒԳԵՆՔ ՄԵՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ
ՍՆՈՒՆԴԻ ԲԱՂԱԴՐԱՄԱՍԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ
Հակաօքսիտացնողներ.-
Բջիջներու պատեանները կազմող կենսական ճարպերը «ազատ արմատ»-ռատիքալներու կողմէ կ՛ենթարկուին օքսիտացման, քայքայման` յառաջացնելով նիւթափոխանակութեան խանգարումներ: Օքսիտացումը կանխող ազդակները անթիօքսիտանթ են, որոնք կ՛ըլլան արհեստական: Անոնք կը դանդաղեցնեն կամ կ՛արգիլեն թթուածնի այրող յատկութիւնը, հետեւաբար` օքսիտացումը:
Հակաօքսիտացնող յատկութեամբ օժտուած են կենսանիւթեր` Սէ., Էօ., Ա., քարոթինը, ֆլաւոնոյիտները, միքրօէլեմաններէն զինկը, մակնեզիոմը, սելենիոմը, պղինձը, ինչպէս նաեւ էնզայմները եւ լեարդը:
Քոլեսթերոլ.-
Ջուրի մէջ անլուծելի այս մոմանման նիւթը մարմինը կը ստանայ ուտելիքներէն եւ ինք կը շինէ: Քոլեսթերոլը բարդ ճարպային նիւթ է, որ օքսիտացման ենթարկուելէ ետք կը կուտակուի եւ կը նստի արեան երակներու պատերուն: Լեարդի մէջ քոլեսթերոլը կը մասնակցի մաղձաթթուներու կազմութեան, որոնք կը կուտակուին լեղապարկի մէջ: Յղիութեան շրջանին կ՛աւելնայ քոլեսթերոլի արտադրութիւնը, որմէ կը կազմուի փրոժեսթերոն հորմոնը, որ կ՛արգիլէ սաղմի վիժումը: Մարմնին մտած զտուած բոլոր ճերմակները` շաքար, աղ, մարմնին մէջ կը փոխակերպուին կարծր, կպչող ճարպերու` քոլեսթերոլի: Քոլեսթերոլը ջրալոյծ չըլլալով` արեան մէջ փոխադրուելու համար պէտք ունի որոշ «փոխադրամիջոցներու», ինչպիսիք են LDL-ը եւ HDL-ը: Ցած խտութեամբ փրոթէին` LDL-ը, այսպէս կոչուած «վատ» քոլեսթերոլը, որ լեարդէն եւ սնունդէն քոլեսթերոլը կը փոխանցէ դէպի միւս օրկանները, եւ որուն աւելացումն է, որ պատճառ կը դառնայ ճարպակալման եւ կուտակուելով անոնց մէջ` կը տկարացնէ երակներու պատերը, այսպիսով նպաստելով արեան ճնշման բարձրացման, հետեւաբար` աւելցնելով երակախցման վտանգը: Կայ նաեւ HDL-ը` այսպէս կոչուած «լաւ» քոլեսթերոլը, որուն բարձր քանակութիւնը արեան մէջ կ՛ապահովէ քոլեսթերոլի փոխադրումը արիւնէն դէպի լեարդ:
Ջղային տագնապները կը բարձրացնեն քոլեսթերոլի եւ թրիկլիսերիտի քանակը, իսկ ուրախութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը կը նուազեցնեն զանոնք: Ստացուած վիճակը բնականոնացնելու համար կարեւոր է լրացուցիչ կենսանիւթ Սէ.ի դեղահատեր: Քոլեսթերոլի քանակը իջեցնելու եւ HDL-ի քանակը բարձրացնելու նպատակով օգտագործել` մեծաքանակ բանջարեղէն, ընդեղէններ, ձկնեղէն եւ հաւու տեսակներ, անիւղ միս, փերփեր, կարմիր խաղող, կարմիր գինի, կանաչ թէյ: Պակսեցնել ճարպի եւ իւղի գործածութիւնը, օգտագործել քիչ ճարպ պարունակող կաթնամթերքներ, հետեւիլ մարմնի ծանրութեան բնականոնացմանը:
Միայն կենդանական ուտելիքները քոլեսթերոլ կը պարունակեն, իսկ բուսական սնունդը չի պարունակեր: Ձուկերը եւ ծովային ուտելիքները չեն բարձրացներ քոլեսթերոլի քանակը: Քոլեսթերոլը դիւրութեամբ չի քայքայուիր, ան աղիքներու ճամբով կ՛արտաքսուի, եթէ անձը բնաթելով հարուստ սնունդ ստանայ: Նուազեցնելու համար քոլեսթերոլի քանակը` անհրաժեշտ է նուազեցնել կենդանական ծագումով ուտելիքները, խուսափիլ զտուած շաքար, իւղեր, ցորեն, բրինձ օգտագործելէ: Չգործածել սուրճ, ծխախոտ, քոլաներու տեսակներ, խուսափիլ ջղային տագնապներէ, զբաղիլ մարմնամարզութեամբ, քալել եւ առատօրէն սպառել կենսանիւթ Սէ., սոխ, սխտոր: Երբ ներկայ է բարձր քոլեսթերոլ եւ յիշողութեան տկարացում, ուրեմն անձի մօտ ներկայ է խոլինի պակաս, որ լրացնելու համար ուտել` հաւկիթի դեղնուց, կովու լեարդ, գարեջուրի սունկ, ցորենի ծիլ: Խոլինէն կը յառաջանայ ասեթիլ խոլին, որ կ՛աշխուժացնէ ուղեղի աշխատանքը: Լեսիթինը ճարպի տեսակ է, որուն կազմութեան մէջ կը մտնէ խոլինը, որ կ՛օգնէ մարսողութեանը եւ ունի փոխադրող պաշտօն: Շատ ալքոլ օգտագործողներու մօտ կը նկատուի լեսիթինի անբաւարարութիւն. ան կը պայքարի երակներու չորացման դէմ:
Օմեկա 3.-
Ան չ՛արտադրուիր մարմնին կողմէ, բայց կենսական է կեանքին համար: Կը գտնուի յատկապէս իւղոտ ձուկերու մէջ` սոմոն, սարտին, թրուիթ, թոն, որոնց մէջ կը հասնի մինչեւ 30 առ հարիւրի` անոնց պարունակած ընդհանուր ճարպի քանակի համեմատ: Կտաւատի իւղի մէջ (flax seed oil) ընդհանուր իւղի 50 առ հարիւրը կը կազմէ օմեկա-3, սոյայի իւղին մէջ` 7 առ հարիւր: Մարմնի պահանջը գոհացնելու համար ձուկ ուտել շաբաթական մէկ-երկու անգամ, նախընտրաբար` փուռի մէջ եփած կամ խաշած:
Բուծանուած անուշ ջուրի ձուկերը նուազ օմեկա-3 կը պարունակեն: Օմեկա-3 կը պարունակեն նաեւ չինական սոյա լուբիան, սովորական դանդուռը (փերփեր):
Բնաթել (Fibres).-
Կարելի է գտնել պտուղներու, բանջարեղէններու, ընդեղէններու մէջ: Անիկա նիւթ մըն է, որ անոնց պնդութիւն կու տայ: Բնաթելերու օգտակարութիւնը մեծ է մարմնին համար, սակայն անոնք կրնան փքուածութիւն յառաջացնել: Ան փորհարութիւն կը պատճառէ այն անձերուն, որոնց աղիքները տկար են: Պնդութեան պարագային, բնաթելով հարուստ ուտելիքներ սպառելը անհրաժեշտութիւն է: Բնաթելով հարուստ ուտելիքները երկար ժամանակ կուշտ կը պահեն անձը, սակայն ուղղակիօրէն չեն նուազեցներ մարմնին ծանրութիւնը: Բնաթելը կը նպաստէ քոլեսթերոլի փոխակերպման:
ԳԻՏԷ՞Ք, ԹԷ…
Շոմինը ածխաջրատներով, փրոթէինով, Սէ., Ա. եւ Պէ. կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ բանջարեղէն մըն է, օգտակար` սակաւարիւնութեան, երկաթի անբաւարարութեան, տեսողութեան տկարութեան եւ հաւկուրութիւն ունեցողներուն համար:
Շոմինը կը բարելաւէ աղիքներու շարժողականութիւնը, կ՛ամրացնէ ջղային համակարգը, կը կանխարգիլէ լինտերու բորբոքումը:
Շոմին չի յանձնարարուիր երիկամի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, պալարախտ ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ` ստամոքսի եւ 12 մատնեայ աղիքի բորբոքումներու ժամանակ: Շոմինով կը պատրաստեն տարբեր ճաշատեսակներ, սակայն ամէնէն օգտակարը հում շոմինէն պատրաստուած աղցանն է եւ անոր թարմ հիւթը: Նախընտրելի է զայն օգտագործել թարմ. երկար մնալու պարագային, անոր մէջ կը յառաջանան ազոթային նիւթեր, որոնք վնասակար կը դարձնեն զայն:
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԻ ԱԼԻ

Սուրիացի ձեւագէտ Ռամի Ալի առաջին անգամ ըլլալով Փարիզի մէջ ներկայացուց 2012-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան իր հաւաքածոն:
Փառատօնը տեղի ունեցաւ «Լը Մորիս» պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ` նորաձեւութեան աշխարհի տիտաններուն, միջազգային աստղերու եւ լրագրողներու ներկայութեան:
Սուրիացի ձեւագէտը իր յղացումներով հմայեց ներկաները: Մերթ արեւելեան, մերթ արեւմտեան ոճով ան իւրայատուկ գլուխգործոցներ ցուցադրեց` օգտագործելով մուսլինը, տանթելը, սաթենը, կուփիւրը եւ այլն…
Գեղեցիկ տեքոլթեները, փասթել գոյները, երբեմն կարճ, բայց յաճախ ալ մինչեւ ոտքերը երկարող գիշերային հագուստները անտարբեր չձգեցին ապագայ խոստացող ձեւագէտը:
ԱՊԵՏ ՄԱՀՖՈՒԶ

Միւս կողմէ, լիբանանցի ձեւագէտ Ապետ Մահֆուզ Իտալիոյ մէջ ներկայացուց հոթ քութիւրի իր վերջին հաւաքածոն` «Նոսթալժիա» անուան տակ:
Փառատօնին ներկայ էին արաբական աշխարհէն եկած անձնաւորութիւններ, դեսպաններու կիներ, միջազգային աստղեր եւ անշուշտ` լրագրողներ:
Մահֆուզին հաւաքածոն կը յատկանշուէր դասական եւ արդիական ոճերով, տրափէ եւ քորսէ քուփերով, թիւլ, սաթեն եւ մետաքս կտորներով:
ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ
ԲՈՅՍԻ ՄԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԹԱՂԱՐԷ ԹԱՂԱՐ
Յաճախ, երբ ծաղկավաճառէն բոյս մը կը գնենք, կը նկատենք, որ թաղարը բոյսին համեմատ փոքր է, եւ նախընտրելի է զայն փոխադրել աւելի մեծ թաղարի մը մէջ:
Բոյս մը թաղարէ թաղար փոխադրած ատեն պէտք է յարգենք որոշ հանգրուաններ եւ ուշադիր վարուինք անոր հետ:
Թելադրելի է, որ թաղարի փոփոխութիւնը կատարուի գարնանամուտին:
1.- Կերպընկալ թաղարին չորս կողմէն կտրուկ հարուածներ տալով` բոյսը հանել թաղարէն եւ յատուկ մկրատով մը կտրտել աւելորդ չորցած արմատները:
2.- Նոր եւ աւելի մեծ թաղարին յատակը դնել ծաղկավաճառէն գնուած յատուկ նիւթ մը եւ կամ հին, հողէ թաղարի մը կոտրտուքները, որպէսզի բոյսը օդ առնէ:
3.- Բոյսը տեղաւորել նոր թաղարին մէջ եւ չորս կողմը թուրպ եւ հող աւելցնել:
4.- Բոյսը առատօրէն ջրել, յաջորդ օրերուն` նուազ, որպէսզի արմատները չփտին:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՍԻՍԵՌՈՎ ՇՈՄԻՆ
Բաղադրութիւն
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 միջակ սոխ (մանրուած)
– 3 պճեղ մաքրուած եւ ճզմուած սխտոր
– 2 ապուրի դգալ լոլիկի ռուպ
– 1/2 թէյի դգալ կարմիր, փոշի պղպեղ
– 1/2 թէյի դգալ փոշի քզպարա
– 1/2 թէյի դգալ քիմիոն
– 3 պզտիկ տուփ պահածոյ սիսեռ
– 3 պզտիկ լոլիկ (մանրուած)
– 1 գաւաթ ջուր
– Կէս գաւաթ մանրուած, թարմ քզպարա
– 2 ապուրի դգալ մանրուած, թարմ անանուխ
– 500 կրամ մանրուած, թարմ շոմին
– Աղ
Պատրաստութիւն
Ձէթը տաքցնել տապակին մէջ, աւելցնել սոխը, սխտորը եւ համեմները, եփել, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ:
Աւելցնել ցօղւըուած եւ քամոցէ անցած սիսեռը, լոլիկը, լոլիկի ռուպը, ջուրը, անանուխն ու քզպարան: Խառնել, կափարիչը գոցել եւ 10 վայրկեան եփել:
Վերջաւորութեան աւելցնել մանրուած շոմինը, 5 վայրկեան եւս եփել եւ հրամցնել տաք, գաղջ կամ պաղ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՓՆՏՌՈՒՄ ԵՍ ԴՈՒ
Փնտռում ես դու ինչ-որ յանցանք,
Հեգնում ես ինձ ու չես ներում,
Բայց կայ ինչ-որ մի կարեկցանք
Քո հեգնական ժպիտներում:
Հեգնում ես ինձ ու նախատում,
Բորբոքում ես կռիւ ու վէճ,
Բայց կայ ինչ-որ մի քաղցրութիւն
Քո դառնագին խօսքերի մէջ:
Ա՜խ, յօնքերդ ես յաճախ կիտում,
Նայում ես ինձ այնպէս մռայլ,
Բայց կայ ինչ-որ քնքշութիւն
Քո անողոք դէմքի վրայ:
Յաճախ այնպէս խայթում ես դու,
Սրտիս այնպէս վիշտ ես բերում,
Բայց կայ ինչ-որ մտերմութիւն
Քո այդ օտար հայեացքներում:
Մերթ փարւում ես ինձ հովի պէս,
Մերթ հողմի պէս ինձ չարչարում,
Ա՜խ, երբ այդպէս շոյել գիտես,
Էլ ինչո՞ւ ես ցաւ պատճառում:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ





