ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ 20-ՐԴ
ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

  • 4 փետրուարին Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայոց բանակի  եւ պետականութեան 20-ամեայ ուղին:Ձեռնարկին տեղի ունեցաւ նաեւ համերգ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հայ եւ օտարազգի երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
  • 4 փետրուարին Օթթաուայի Հայաստանի դեսպանատան մէջ յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակի հիմնադրման 20-ամեակը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ օրուան խորհուրդի մասին իրենց խօսքերը փոխանցեցին դեսպան Արմէն Եգանեան եւ Խաժակ արք. Յակոբեան: Հանդիսութեան աւարտէն ետք ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի դեսպանին հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան քանատահայ գաղութին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ` Քանատա-Հայաստան յարաբերութեանց վերաբերող վերջին զարգացումները:
  • 8 փետրուարին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ընդունելութիւն:Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ռազմական կցորդը:

ՊՈԼԻՍ

Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Վերջերս, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան իւղաներկումի եւ ներքին յարդարանքի աշխատանքներ, որոնք իրենց աւարտին հասան, եւ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ վերաբացումը, որուն օծման եւ վերաբացման արարողութեան նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան: Կատարուեցաւ եկեղեցւոյ աւագ խորանին, կողմնակի սուրբ սեղաններուն, մկրտարանին ու աւանդատան խորաններուն օծումը, որմէ ետք սրբազանը քարոզեց եւ գնահատեց թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին տարած աշխատանքը եւ ունեցած ներդրումը եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Ֆերիգիւղի  Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 150-րդ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներու ծիրին մէջ վերջերս «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` մասնակցութեամբ քանոնահար Էսրա Պէրքմանի եւ դաշնակահար Նազլը Ըշըլտաքի: Անոնք ներկայացուցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Գրիգոր Խահինեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:

Աւարտին Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօզեր արուեստագիտուհիներուն յանձնեց յուշանուէրներ:

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»
ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 փետրուար 2012 թուակիր հրամանագիրով «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց պոլսահայ բանաստեղծ, «Մարմարա»-ի երկարամեայ աշխատակից Զարեհ Խրախունին:

 

ՍՈՒՐԻԱ

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ 92-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Մարաշի աղէտին 92-րդ տարելիցին առիթով, 22 յունուարին Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիին մէջ կատարուեցաւ պաշտամունք եւ յիշատակութիւն` մարաշցի հին եւ նոր նահատակներուն:

Համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նորոգել մեր նախնիներուն յիշատակը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ բացատրեց, որ նախնեաց յիշատակը նորոգել` կը նշանակէ անժամանցելի հանգամանքի մէջ պահել մեր ժամանակին մէջ դիմագրաւած եղեռնը: Ան նաեւ յայտնեց, որ հայ ազգը կը բժշկուի, երբ կը հնազանդի Աստուծոյ  եւ Անոր ձայնին

ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէ եւ կը կատարէ այն, ինչ որ Անոր առջեւ ճիշդ է, աւելցնելով, որ իբրեւ վերածնեալ ժողովուրդ ունինք կոչը` հնազանդութեան:

 

ԹԵՀՐԱՆ

ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Նախաձեռնութեամբ Իրանի հայ արհեստաւորներու միութեան, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան տարեդարձին առիթով,  վերջերս «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ արհեստաւորներու արտադրութիւններու 5-րդ ցուցահանդէսը:

Բացումը կատարեց Իսլամական  խորհրդարանի ճարտարարուեստի,  արդիւնաբերութեան եւ հանքերու  յանձնախումբի նախագահ Հաշեմի եւ Թեհրանի եւ հիւսիսային Իրանահայութեան երեսփոխան եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Գէորգ  Վարդանեան:

Ելոյթ ունեցան` միութեան նախագահ Հայրիկ Աւետեան, Գէորգ Վարդանեան եւ Հաշեմի, որոնք իրենց արտայայտութիւններուն մէջ մեծապէս գնահատեցին հայ արհեստաւորներուն գործունէութիւնը:

«ԹՌԻՉՔ` ԿԿՈՒԻ ԲՆԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔՈՎ»
ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

2 եւ 3 փետրուարին  Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ, նոյն կազմակերպութեան Արուեստից միութեան «Արամայիս Աղամալեան» թատերախումբին կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ Քեն Քէյսիի «Թռիչք` կկուի բնի բարձունքով» թատրերգութիւնը, որ կը ներկայացնէ հոգեբուժարանի մը մէջ բժշկուող հիւանդներու հոգեվիճակը, որոնք, ըստ հեղինակին, հիւանդներ չեն, այլ` պարզապէս մարդիկ, որոնք չեն կրնար համակերպիլ զիրենք շրջապատող դաժան հասարակութեան հետ: 17 դերակատարներու մասնակցութեամբ ներկայացուած թատերախաղի թարգմանիչն ու բեմադրիչն է Վահագն Ազիզեան:

«ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԻՐՔ» 29-ՐԴ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
19-ՐԴ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ
ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

8 փետրուարին Իրանի իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 33-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Թեհրանի «Վահետաթ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի ամէնամեայ  «Տարուան գիրք» 29-րդ եւ միջազգային 19-րդ  մրցանակաբաշխութեան մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած էր 2010 թուականին  հրատարակուած 20 հազար գիրք:

Միջազգային մրցանակաբաշխութեան յաղթեցին 10 երկիրներու (Ռուսիա, Շուէտ, Գերմանիա  /2 մրցանակ/, Ճափոն, Վրաստան,  Հայաստան /2 մրցանակ/, Ֆրանսա, Թուրքիա,  Աւստրիա,  Փաքիստան) 12  ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին  իրանագիտութեան ոլորտի ուսումնասիրութիւններու բաժնին մէջ առաջին անգամ «Տարուան գիրք»  մրցանակին արժանացան Հայաստանի ներկայացուցիչներ Երեւանի պետական համալսարանի  իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Գառնիկ Ասատրեանի ռուսերէնով հեղինակած «Թալիշ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ներածութիւն» եւ արեւելագէտ Գէորգ Ասատրեանի «Պարսկական ժողովրդական հեքիաթներ» հայերէն թարգմանուած գիրքերը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ եւ մրցանակակիրներուն շնորհաւորեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:

 

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

26 յունուարին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան հրաւիրեց գործող բոլոր կառոյցներուն ներկայացուցիչները` համադրուած աշխատանքով յառաջ տանելու համար թեմի վարչական ու մշակութային կեանքը:

2 փետրուարին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Թաւրիզի Ազգ. գերեզմանատան Ս. Շողակաթ եկեղեցւոյ մէջ, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ եւ ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղացի նահատակներուն գերեզմանատունը:

Նոյն օրը Թաւրիզի «Ալիք» հաստատութեան կողմէ Ազգային առաջնորդարանի «Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական եւ գեղարուեստական երեկոյ: Խօսք առին Նայիրի Դիլանեան եւ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան:

3 փետրուարին Թաւրիզի մէջ նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան, որ կատարեց վերլուծումը հաւատալ, վկայել ու նահատակուիլ գաղափարներուն եւ շեշտեց, թէ անոնք կը կազմեն հիմքը քրիստոնէական հաւատքի խոստովանութեան:

5 փետրուարին տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ` «Սուրբերը եւ սրբադասումը Հայ եկեղեցւոյ մէջ» նիւթով, որուն մասին բանախօսեց Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան:

6 փետրուարին Ազգ. Թամարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ, իսկ «Ծերունի Գասպարեան» Մանկապարտէզ-նախակրթարանի հանդիսասրահին մէջ` ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին խրախճանքը:

 

ԳԱՀԻՐԷ

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԲԱՐՍԵՂ ԵՒ
ՍԻԼՎԻԱ ԳԸԶԸԼԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան,  20 յունուարին «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ եկեղեցաշէն բարերար Բարսեղ եւ Սիլվիա Գըզըլեան ամոլին` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրուելուն առթիւ:

Արդարեւ, 6 յունուարին Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան պատարագի ընթացքին Գըզըլեան ամոլը պարգեւատրուած էր այդ բարձրաստիճան շքանշանով, Հայաստանի Հանրապետութեան Արմաւիր մարզի Նոր Կեսարիա գիւղին մէջ «Ս. Բարսեղ Կեսարացի» եկեղեցւոյ կառուցման առիթով:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան  ատենապետ Սուրէն Պայրամեան, որ նշեց, թէ Գըզըլեան ամոլին կատարած հայրենիքին մէջ եկեղեցաշինութեան նախաձեռնութիւնը սփիւռքահայու կողմէ անզուգական բնոյթով նուիրաբերում մը կը հանդիսանայ` իբրեւ հաւատարմութեան նշան հայու հաւատքին,  սէրը հանդէպ հայրենիքին:

Այս առթիւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ արձանագրուած ներկայացում մը` Ս. Բարսեղ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան, Ս. Ծննդեան առիթով:

Այնուհետեւ բարերար ամոլին յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի եւ Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի անունով: Այս առիթով Հայ կարիքի խաչի վարչութեան  խօսքը փոխանցեց Արտա Զոհրապեան:

Երեկոյթին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց  եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, որ  հպարտանք յայտնեց, թէ եգիպտահայ գաղութին մէջ շքանշանակիրները կը բազմանան, որ կը նշանակէ, թէ գաղութը ներկայութիւն եւ մասնակցութիւն ունի հայրենիքի թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ ազգային բարգաւաճման:

 

ՔԱՆԱՏԱ

ԷԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄ

Աթոմ Էկոյեան վերջերս Թորոնթոյի մէջ ձեռնարկեց Մարթին Ռիմփի «Քրուըլ էնտ թենտըր» թատերախաղի բեմադրութեան: Ան բեմ պիտի բարձրացնէ անգլիացի նշանաւոր թատերագիրին գործը` «Քենետիըն սթէյճ քոմփանի»-ին համար:

Թատրերգութեան բեմադրութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ, որ Էկոյեան վերադառնայ թատերական աշխարհ եւ թատերական ասպարէզին մէջ համագործակցութեան առաջին առիթը ունենայ իր կնոջ` դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի հետ:

Էկոյեան յայտնեց, որ գործը կատարեալ թատրերգութիւն մըն է. եւ երբ զայն կարդացած է, անմիջապէս մտածած է, թէ աշխատանքի անհաւատալի առիթ մըն է, որ Արսինէին հետ միասնաբար կրնան իրականացնել:

«Քրուըլ էնտ թենտըր»-ը ընտանեկան ողբերգութիւն մըն է` պատերազմի եւ ցեղասպանութեան անդրադարձով: Նիւթը ներգրաւող է եւ զգացական: Ան կը վերաբերի ընտանեկան աշխուժ առօրեային, սակայն` համամարդկային դիտանկիւնով ընդլայնուած:

Էկոյեան նշեց նաեւ, որ «Քրուըլ էնտ թենտըր»-ի պատրաստութիւնը լաւ առիթ մը եղած է, որպէսզի ապրի թատրոնի եւ թատերախումբի ընտանեկան բնոյթը, ինչ որ կը տարբերի ժապաւէններու բեմադրական աշխարհէն:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՀՅԴ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԿՈՄԻՏԷՆ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ ՇՐՋԱՆԻ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ

ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով, 14 յունուարին Նիւ Եորք քաղաքի Քուինզ շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը` շրջանի միութիւններու վարչութեանց հետ:

Ժողովի օրակարգին գլխաւոր կէտերն էին` մշակել, համադրել եւ զարգացնել գաղութային աշխատանքներու ու ձեռնարկներու համագործակցութիւնը եւ որակաւոր ու արդիւնաբեր աշխատանքի համար իրականացնել մարդուժի փոխանակման կարելիութիւնները:

Կազմակերպութիւններուն շրջանային վարչութիւնները իրենց գործունէութեան մասին հակիրճ զեկոյցներ տալէ ետք, ներկայացուցին իրենց յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիրը` մեկնակէտ ունենալով  Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Քննարկուեցան նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զանազան ձեռնարկներու հնարաւորութիւնները, եւ անոնց գործադրման եղանակներն ու պիւտճէական պարտաւորութիւնները:

Ապա ժողովականները Հայաստանի Հանրապետութեան Նիւ Եորքի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի ՄԱԿ-ի մէջ դեսպան Կարէն Նազարեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանատան կատարած քաղաքական բազմակողմանի աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք պատասխանեց ներկաներուն արծարծած` Հայաստանի ներկայ քաղաքական, ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ դատական իրավիճակներու մասին հարցումներուն:

Կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները անգամ մը եւս շեշտեցին հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իրենց անսակարկ պատրաստակամութիւնը:

«ՆԻՒԹԵՐ ՀՅԴ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»-Ի
8-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբի եւ «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան, 18 յունուարին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» շարքի 8-րդ հատորին ներկայացումը: Հատորը խմբագրած է քաղաքական վաստակաշատ գործիչ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Հանրային կապի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Կիւրիւնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս, ՀՅԴ արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեանը` ներկայացնելու համար վերջերս լոյս տեսած հատորը:

Վաչէ Բրուտեան նշեց, որ հատորը կ՛ընդգրկէ 1909-1911 թուականներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը, ժողովներու, արձանագրութիւններու եւ պատմական իրադարձութիւններու ու փաստաթուղթերու մանրամասնութիւնները: Ան անդրադարձաւ հատորին մէջ տեղ գտած քաղաքական կարեւոր դրուագներուն եւ արծարծուած հարցերուն:

Նշենք, որ հայ պատմաքաղաքագիտութեան մէջ բարձրարժէք աշխատութիւններ կը  համարուին «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» հատորները, որոնք սկսան լոյս տեսնել նախ ականաւոր մտաւորական, ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ անդամ Հրաչ Տասնապետեանի, իսկ անոր մահէն ետք Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ:

ՓԻԹԸՐ ՄՍԸՐԼԵԱՆ ԵՐԿՈՒ «ՈՍԿԵԱՅ ԽՕՍԱՓՈՂ»
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Ձախին՝ Փիթըր Մսըրլեան

21 յունուարին տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միութեան տարեկան 62-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին վեթերան լրագրող Փիթըր Մսըրլեան ստացաւ կազմակերպութեան կողմէ շնորհուող երկու «Ոսկեայ խօսափող» մրցանակներ:

Անցեալ տարի, միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Փիթըր Մսըրլեան հինգ մրցանակներ ստացած էր: Այս տարուան երկու մրցանակներուն հետ ան ցարդ 10 «Ոսկեայ խօսափող»-ներ շահած է:

Մսըրլեան նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային «Էմի» մրցանակներու թեկնածու եղած է չորս առիթներով:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES