ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ՏԱԿԱՒԻՆ ՎԱՐԴԱՆԻ ՔԱՋ ԹՈՌՆԵ՞ՐՆ ԵՆՔ (ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՔ 451 Թ.)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Նսեմացման ոչ մէկ միտում պէտք է տեսնել ընտրուած խորագիրին մէջ:
Հեգնանքի կամ արհամարհանքի յաւակնոտ մօտեցում պէտք չէ արձանագրել առհասարակ` վերեւ ընդգծումին ի տես, այլ պէտք է արդարօրէն հաստատել, որ ազգային լիցքով պարուրուած, ցեղային առանձնայատկութեամբ յագեցած ու մանաւա՛նդ հայրենապաշտ գաղափարայնութեամբ ոճաւորուած Վարդանանք գոյամարտը` նուաճած ըլլալով դարերու մարտահրաւէրն ու ինքնամաշեցումի պարտադրանքը, ահաւասիկ, աւելի քան հազար հինգ հարիւր վաթսուն տարիէ ի վեր կը բարբառէ հայոց ներաշխարհին` տարբեր պայմաններու, ժամանակներու թէ կացութաձեւերու ներքեւ, բայց անպայմա՛ն ազգային դարաւոր երազանքին պատուանդան հանդիսանալու վսեմ հասկացողութեամբ:
Անցնինք:
Ամէն տարի ամբողջ հայութիւնը ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի կ՛ոգեկոչէ Վարդանանք նահատակութեան խորհուրդն ու իմաստը:
Տօնակատարութեամբ եւ ազգային ներշնչումով կը պարծենայ Մամիկոնեանք հայոց բանակի կատարած սխրանքով ու վեհափառ կեցուածքին ուժական արտայայտութեամբ:
Յանուն քրիստոնէական հաւատամքին ու ազգային արժանապատուութեան բարձրագոռ կը հնչեցնէ հայրենասէրի իւրայատկութիւնն ու սրտապինդ ներկայութիւնը:
Անմրմունջ կ՛աղօթէ, ինքնամոռաց կը ստեղծագործէ, մարդասէրի իր ունակութեամբ կը քարոզէ ու պատուախնդրութեամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժողովուրդներու բարօրութեան ու զարգացման գործընթացին:
Ինքնութեան պայքարին մէջ առանձնապէս կ՛արժեւորէ ինքզինք, հայրենապաշտութեան եւ ազատագրութեան գուպարի ջահակիրի իր կոչումով` իր ազգին լուսապայծառ ընտրանին կը զոհէ ազատութեան բագինին:
Գիտակից եւ արի ոստումով, անհամար զոհուածներու արեան գնով եւ անասելի տառապանքներու գեհենին ընդմէջէն` ազգին կը մատուցէ Մայիսեան փառահեղ արշալոյսներ` սրբազան հայրենիք կերտելու հաւատամքին ընդառաջ:
Այսօր, աւելի քան երբեք ազգը կ՛ապրի անորոշութեան եւ տեղատուութիւններու խայտաբղէտ պահեր:
Յստակացնենք:
Երբեմնի Սասանեան Պարսկաստանի ժամանակներուն, եթէ մէկ կողմէ հայոց աշխարհը կ՛ենթարկուէր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ գաղափարական ճնշումներու, եւ, պարտաւորուած կը տանէր որոշակի ծանրաբեռնուածութիւն` նկատի ունենալով ներքին ճակատի հակադիր ու կեդրոնախոյզ իրերու դրութիւնը, ապա, միւս կողմէ, հայոց աւագանին, ղեկավար դասը իր տոհմերով եւ ժողովրդային զանգուածով գիտակից էր օրուան լուրջ մարտահրաւէրներուն, եւ ամէնէն էականը` պատրաստ դիմակայելու թշնամի սադրանքներու եւ արշաւանքներու անդոհանքը:
Օրին, հակառակ առկայ ներհակ քաղաքական վարքագիծերու, հայ ժողովուրդը կորովի ու քաջասիրտ քայլով մը, յանդուգն ու համարձակ կեցուածքով, կը նետուէր թշնամի Յազկերտ Բ.-ի բանակներուն դէմ, առաջին հերթին պատերազմի դաշտին` Աւարայրի մէջ նուիրականացնելու իր երդումը, եւ աւելի ուշ` Վահանեան վրէժխնդրութեամբ թշնամիին պարտադրելու վերապրելու կամքն ու ազատօրէն շնչելու իրաւունքը:
Այլ խօսքով, Վարդան Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ հայկական այրուձիի մղած անհաւասար մարտերու ամբողջ տեսադաշտը, թէեւ կ՛ընդգրկէր պատերազմական սոսկական դիպաշարեր, դէպի մահ սաւառնելու հերոսական պատումներ, բայց խորքին մէջ այսպիսով հիմը կը դրուէր ազատասիրութեան եւ հաւատարմութեան գերազանցապէս հայկական օրինակին` նահատակութեամբ վաստկելու հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու քրիստոնէական հաւատամքին կառչածութիւնը:
Փաստօրէն, հայ մատենագրական գրականութիւնը թէեւ լիարժէքօրէն արձագանգած է Աւարայրեան կամքի ու զոհողութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, եւ առանձնապէս շեշտադրած Մամիկոնեանք տոհմի, հոգեւոր թէ ազնուական դասու, ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս հայութեան այդ օրերու սրբազան կեցուածքին անժամանցելիութիւնն ու անօրինակ սխրանքը, այդուամենայնիւ, Վարդանանք խորհուրդին թելադրականութիւնը կրցած է շրջանցել դարերու խաժամուժը եւ սիգապանծ ճակատով մը կանգնած է հայոց յաղթանակի պատուանդանին վրայ` հերոսական խոյանքներու մղիչ ուժի վկայակոչումով:
Իրօք, Վարդանանց պատերազմով հայոց երկնակամարին տակ կը նուիրագործուէր հիմնական արժեհամակարգ մը, ի պահանջեալ հարկին թշնամիին դէմ սլանալու եւ գաղափարախօսական, այս պարագային ազգային-քրիստոնէական դաւանանքին անյեղլի ըլլալու օրինաչափութիւնը ամրագրելու:
Այլ հարց, թէ հետագայ դարերուն, նման գաղափարայնութեան մը սիրոյն դիմագրաւած փորձութիւններուն ընթացքին ազգային-հաւաքական մեր յուզաշխարհին թէ քաղաքական հեռատեսութեան մէջ կը պակսէին հայրենամէտ եւ ռազմահայրենասէրի բարեմասնութիւններ:
Հարկ է խոստովանիլ, թէ Վարդանանք տօնակատարութիւնը իր սոսկ դասական պարունակէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը կ՛ապրինք առհասարակ:
Ճիշդ է, որ հայ վարժարանին մէջ անոր սնուցող թելադրականութիւնը տակաւին ի զօրու կը մնայ` զգացական ու գոհունակ արտայայտութիւններու ներքեւ, այսուհանդերձ, ազգային կեանքի մէջ անոր հզօր թելադրականութեան ընդգծումն է, որ տակաւ կը շիջի, հակառակ տարուած բազում ճիգերուն եւ կարգախօսերուն:
Այլ ասած, Վարդանանք ըմբոստութեան հրայրքին ականջալուր ոչ մէկ իրական խայծ տեսանելի է նոյնինքն վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ` քաղաքական եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ:
Հակառակ Արցախեան գոյամարտին, թուրք-ազերիի դէմ հայոց 20-ամեայ ջախջախիչ յաղթանակին, տակաւին կը յամենան տխեղծ վարքագիծեր` պէս-պէս շահադիտական գործառոյթներու հաշուոյն:
Արդեօք ականատես չե՞նք նոր Յազկերտներու թշնամական նկրտումներուն` ազգային հաւատամքին ներուժը հարուածելու զազիր միտումներու առկայութեան:
Աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններու եւ խօլ մրցակցութիւններու պաստառին դիմաց հայ պետական աւագանին հայամէտ ու հայրենամէտ կեցուածքներու շքերթը կ՛ապրի՞:
Սփիւռքեան համայնակուլ դժխեմ պատկերին դիմաց, ինքնագոհ եւ ճոռոմ կարգախօսերէ անդին համայնական ինչպիսի՛ քայլերու կը դիմուի պահելու ու պաշտպանելու համար դարաւոր քրիստոնէական դաւանանքն անգամ, երբ օրն ի բուն ազգային մեր շրջապատը յարձակման կ՛ենթարկուի աղանդաւորական շարժումներու կողմէ:
Աշխարհաքաղաքացիի սին ու տմարդի մեր կերպարին ետին թաքնուած ինչո՞ւ կը զոհենք ազգային արժէքներու ամէն տեսակ հարստութիւն:
Օտարացումի եւ այլասերումի սոսկալի յորձանուտին ընդդէմ ո՞ւր են հաւաքական գոյապայքարի մեր կռուաններուն ուժական ներկայութիւնն ու հասանելիութիւնը:
Հայրենիքէն «փախչելու» տարօրինակ հոգեվիճակին ի տես, ազգին մտահոգութեան առանցքը ինչո՞ւ մակերեսային երեւոյթ կը պարզէ:
Ինչո՞ւ կ՛արտօնենք դարանակալ թշնամիին եւ փոքրոգի դրացիին սանձարձակ ձեւով վարուելու հայութեան շահերուն հետ:
Զգացական եւ յարմարողի մեր տժգոյն դիմագիծը մինչեւ ե՞րբ պիտի հալածէ մեզ` պատճառ դառնալով հաւաքական ներուժի ամլացման:
Հայերէնագիտութեան եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպիսի՛ միջոցառումներու կը դիմենք` վաղուան նորահաս սերունդին մէջ վառ պահելու Մեսրոպեան գիրն ու Նարեկեան սրբակեաց դաւանանքը:
Ամէն օր ազգին սպառնացող վտանգներուն լրջօրէն դիմագրաւումին փոխարէն, հոսհոսային մտադրութիւնները կլանած են հաւաքական շրջապատը` ենթարկուելով հրամցուած կացութիւններու եւ ապազգային տրամադրութիւններու:
Հայոց պատմութեան եւ գրականութեան պաշտպանութեան ու տարածումին մէջ, սոսկ բարբաջանքներու հանդէսներ կը սարքուին:
Հայ մամուլին վիճակուած ապագայ տխուր ճակատագիրին դէմ, ո՞ւր են իմաստուն քայլերու դրոշմները:
Պատրանքներ կ՛ապրինք մատուցուող որոշակի մշակութային արժէքներու ծափահարութեամբ պատրանքներ կ՛ապրինք, պարզապէս բաւարարուածի հոգեվիճակներէ թելադրուած:
21-րդ դարու գիտութեան նուաճողական արշաւներուն ի տես, ազգային մեր շտեմարանը կը խարսխենք հաստատութենական մտածողութեամբ եւ հիմնարար գործընթացներու որդեգրումով, հրճուանք կ՛ապրինք անհատական մակարդակի արձանագրուած յաջողութիւններով:
Մամիկոնեանք ազգին մատուցեցին քաղաքակրթական նուաճումներու ամէնէն հիմնական արժեհամակարգը` ազատօրէն ապրելու եւ հաւատարմօրէն պաշտպանելու հայրենիքն ու ժողովուրդը, որպէսզի հետագայ դարերու ազգային բարեմասնութիւններու շարունակականութիւնը ապահովուի, եւ ո՛չ թէ այսօրուան պէս անոր աղճատումին փորձութիւնը հրամցուի:
Տասը միլիոն հայութեան թուաքանակի հպարտութիւնը վերջին ժամանակներու լորձնաշուրթն պատկերի է վերածուած, անոնց զլանալով Հայաստանի քաղաքացիութեան նուիրական շնորհն ու իրաւունքը:
Արդ, քաջութեամբ ժառանգենք նախնեաց կտակը:

