ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՃԱՄԲՈՎ` ԻՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս տարի Սրբոց Վարդանանց զօրավարներուն տօնը կը նշենք բաւական ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ: Ազգը, շրջանը, աշխարհը ամբողջ կը դիմագրաւեն բազմապիսի մարտահրաւէրներ, եւ պահ մը կը թուի, թէ այս մարտահրաւէրները անյաղթահարելի են մանաւանդ ազգային հարթակին վրայ, հակառակ անոր որ եղած են պարագաներ պատմութեան ընթացքին, երբ հայութիւնը դէմ դրած է աւելի ծանր մարտահրաւէրներու եւ յաջողած է յաղթահարել զանոնք:

Ուրեմն հարցը հաւաքական գիտակցութեան, մանաւանդ հաւաքական խորքային հաւատքի հարց է` ազգին յառաջընթացը կանխող խոչընդոտները շրջանցել կարենալու առումով: Ճի՛շդ Վարդանանց ժամանակաշրջանին պէս: Այն ժամանակ ոչ միայն հայոց բանակի սպարապետը եւ իր զինակիցները այդ հաւաքական հաւատքը ունէին իրենց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Այդ հաւաքական հաւատքին շնորհիւ էր, որ հայութիւնը կրցաւ դէմ դնել կրօնափոխութեան պահանջին, եւ այդ պահանջին ընդմէջէն` ազգային ինքնութեան ու գոյութեան դէմ ցցուած սպառնալիքներուն:

Երբ կը խօսինք հաւաքական հաւատքի հասկացողութեան մասին, անիկա կ՛ենթադրէ, որ հաւատքը այլեւս սոսկական անհատական կապ մը չէ մարդ անհատին եւ իր Արարիչին միջեւ, այլ այդ անհատական կապը անդրանցուած է. այստեղ կապը եղած է ազգը բաղկացնող անհատներուն եւ անցեալի թէ ներկայի ազգային ու կրօնական ամբողջ հոգեմտաւոր ժառանգութեան միջեւ: Այս կապն է, որ կը բնորոշէ ազգը բաղկացնող անհատներու հաւաքական դիմագիծը: Առանց անոր ազգը չի կրնար գոյատեւել իբրեւ ինքնուրոյն գոյացութիւն, մանաւանդ` համաշխարհայնացումի ներկայ համահարթեցնող պայմաններուն եւ աշխարհաքաղաքական մտահոգիչ կացութեան մէջ: Այլ խօսքով, հայութիւնը կը դադրի ազգ դառնալէ եւ կը վերածուի սոսկական ժողովուրդի, որուն բաղկացուցիչները կրնան հասու չըլլալ հաւաքական գիտակցութեան ու շահի հասկացողութեան: Կը գործեն անհատական շահ ձեռք ձգելու քաղքենիական սկզբունքով միայն:

Հաւաքական հաւատքի գիտակցութեամբ ընթանալը, անհատական կարողականութիւնները հաւաքականութեան օգտին ծառայեցնելը, ազգի ներուժին կեդրոնացումը եւ ոչ թէ տարբաղադրումը անհրաժեշտ գրաւականներն են ազգի լինելիութեան երաշխաւորման: Այստեղ մարդ անհատին եսը հալած կ՛ըլլայ հաւաքական եսին մէջ` ամբողջականօրէն: Ճի՛շդ Վարդանանքի ժամանակաշրջանին նման: Երբ կ՛ըսենք Սրբոց Վարդանանց, այլեւս չենք ակնարկեր միայն Վարդան Մամիկոնեան սպարապետին, այլեւ` անոր զինակից նախարարներուն, զինուորներուն, հասարակ աշխարհազօրայիններուն, գիւղացիին եւ արհեստաւորին, որոնք Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին մէկ մարդու նման ոչ ըսին կրօնափոխութեան պարսկական վերջնագիրին: Եղիշէ պատմիչի պատումին մէջ մենք շատ բան չենք գտներ այս աշխարհազօրայիններուն ու պարզ մարդոց, այս ըմբոստներուն մասին, որովհետեւ, ինչպէս իրենց սպարապետը, ամբողջութեամբ հալած էին իրենց այդ ժամանակուան դատին մէջ: Դարեր ետք միայն Դերենիկ Դեմիրճեան գեղարուեստական սքանչելի ոճով ներկայացուց այս պարզ մարդիկը` իրենց յոյզերով եւ իղձերով:

Ազգի լինելիութեան կռուաններուն ամրապնդումը անհրաժեշտ երաշխիք է, որ հաւաքական մակարդակի վրայ հայութիւնը կերտէ իր յաղթական ապագան: Հայութեան ձեռքն է ապագայի կերտման բանալին: Ուրիշ ոչ մէկէն սպասենք զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն` մեր դատերուն: Եթէ զօրակցին եւ աջակցին, շա՛տ լաւ, շնորհակալութի՛ւն, մարդկայնական նուազագոյն պարտականութիւն է իրաւազրկուած ազգի մը նկատմամբ, բայց հայութեան գոյերթին շարունակութիւնը մեր հաւաքական գործն է, մենք շահագրգռուած պէտք է ըլլանք անով նախ եւ առաջ եւ ոչ թէ ուրիշներ, որքան ալ սրտցաւ ըլլան անոնք եւ հեռու` ինչ-ինչ շահերէ:

Եւ այդ հաւաքական գործին շնորհիւ է, որ մենք կրնանք հասնիլ իրական յաղթանակներու` միաժամանակ չնսեմացնելով բարոյական յաղթանակներուն արժէքը. բարոյական յաղթանակը, որ կը մնայ Վարդանանքէն մեզի մնացած մեծագոյն պատգամը: Վերջ ի վերջոյ, իրական յաղթանակներն ալ բարոյական պէտք է ըլլան…

 

Share this Article
CATEGORIES