ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ ՖԱՊԻՕ ՔԱՓԵԼԼՕ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին ազդանշանը տրուելէն չորս ամիս առաջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր հրաժարականը:
Անոր հրաժարականին գլխաւոր պատճառը այն է, որ ան չուզեց Ճոն Թերիէն խլել խմբապետի պաշտօնը, որուն համար կը պնդէր Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Նշենք, որ Քափելլօ Անգլիոյ հետ կատարեց 42 մրցում:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տէյվիտ Պերնըսթեն յայտարարեց, որ յառաջիկայ 29 փետրուարին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ Հոլանտայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին մարզիչը պիտի ըլլայ Սթիւըրթ Փիրս: 49 տարեկան Փիրս Անգլիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու խումբին, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ ողիմպիականի ֆութպոլի կազմին մարզիչն է:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աշխատանքները արդէն իսկ սկսան երէկ` նոր մարզիչ մը ունենալու համար:


