ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախանցեալ օր, Ծաղկաձորի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը:

Ազատ ոճի 10 քմ մրցումին Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Սերկէյ Միքայէլեան, որ արձանագրեց 30′ 51″ 4 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Արթուր Եղոյեան (31′ 36″ 2), իսկ երրորդ` Թադէոս Պօղոսեան (32′ 22″ 7):

Ինչ կը վերաբերի ազատ ոճի 15 քմ-ին առաջին դիրքը գրաւեց Թադէոս Պօղոսեան (42′ 41″ 9): Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Միասնիկ Ղարիպեան եւ Արթուր Եղոյեան:

Աղջկանց 5 քմ-ի մրցումներուն Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Քաթիա Գալստեան (19′ 55″), իսկ 10 քմ-ի ախոյեան հանդիսացաւ Աննա Մխիթարեան (36′ 05″ 4):

 

 

Share this Article
CATEGORIES