ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Էշրեֆիէի շէնքին փուլ գալուն պատասխանատուները շէնքին սեփականատէրերն են` աւելցնելով, որ այդ եզրակացութեան յանգած տեղեկագիրը պիտի փոխանցուի կառավարութեան:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, այսօր կլիման աննպաստ պիտի ըլլայ, տեղատարափ անձրեւներով լեցուն եւ փոթորկոտ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ իր արտայայտած կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, իր անձնական կեցուածքը չէ, այլ` Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք նախանձախնդիր է, որ տիւրզի համայնքին զաւակները չմասնակցին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներուն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, վառելանիւթի սակերը սղած են: Պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութը եւ կազը` 300 լ. ոսկիով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ իսլամ խմբաւորումներու ղեկավարներէն շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք վերստին կը հաստատէ, որ ինք Քայիտայի անդամ չէ` աւելցնելով, որ ինք Հըզպալլայի կը զօրակցի միայն իբրեւ Դիմադրութիւն:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, հաւանական է, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր պատասխանէ «Պիել»-ի մէջ Հըզպալլայի դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ շրջանին մէջ պատերազմի հաւանականութիւն չկայ` նկատել տալով միաժամանակ, որ Թեհրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Սուրիոյ: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ ի վիճակի չէ Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով չէզոք մնալու կարելիութիւնը սխալ որոշում է, որովհետեւ երկիրը վատ կերպով պիտի տուժէ ներկայիս գործադրուող այս քաղաքականութենէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պաշտպանելու լիբանանեան բանակը, որ պետական գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշն է:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Տեղեկութեանց լիբանանեան հիմնարկին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սթիվըն Քոֆմանի «Դէպի թիւ 1559 բանաձեւ առաջնորդող ուղին» խորագիրը կրող գիրքը: Կլոր սեղանին հրաւիրուած էր նաեւ թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսըն, որ յայտնեց, թէ Հարիրիի սպանութենէն 48 ժամ առաջ ինք անձամբ զգուշացուցած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, որ կրնայ օր մը թիրախ դառնալ թիւ 1559 բանաձեւի թշնամիներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ասիրի դրուատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին առած քայլերը, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք Իսրայէլի յաղթանակին վրայ գրաւ դրած են` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան յաղթանակին կրկնութիւնը շատ հաւանական է, իսկ Հըզպալլայի ուժէն նեղացող կողմերուն գրաւը կրնայ դարձեալ սխալ դուրս գալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս պէտք է ստորագրէ փոխադրածախսին վերաբերող որոշումը, այլապէս` ան պէտք է իր պաշտօնէն հրաժարի:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պէտք է միանայ բանակին եւ ենթարկուի Լիբանանի կառավարութեան որոշումներուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան անդամալոյծ վիճակը պատճառ պիտի դառնայ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի որոշումով երկարաձգուի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քննարկումի հարց պիտի չըլլայ, այլ` Հըզպալլայի ապազինումն ու երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միջամտէ կառավարութեան տագնապին լուծման, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ նախարարաց խորհուրդի նիստերուն եւ աւարտել պետական պիւտճէի նախագիծը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ պէտք է կառուցել նոր Լիբանան մը, որ հիմնուած է հաւասարութեան եւ իսկական գործակցութեան վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ նախանցեալ օր «Պիել»-ի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հնչեցուցած ճառերը արկածախնդրական են: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ այդ ճառերուն բովանդակութիւնը բաւական մտահոգիչ է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ ո՛չ դատավարութիւնները եւ ո՛չ ալ միջազգային որոշումները ազդեցութիւն կրնան ունենալ Դիմադրութեան եւ անոր գործունէութեան վրայ:

