ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԳԵՏԸ ՆԵՐԿՈՒԵՑԱՒ ԿԱՐՄԻՐՈՎ

Պէյրութի գետին գոյնը վերածուեցաւ կարմիրի` իբրեւ հետեւանք գործարանի մը կողմէ անոր մէջ թափուած նիւթերուն, որոնց քիմիական ըլլալուն առումով մտավախութիւններ կան:

Հազմիէէն մինչեւ Քարանթինա Պէյրութի գետը ներկուեցաւ կարմիրով, որուն մասին կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի որոշումով բացուեցաւ հետաքննութիւն մը` բացայայտելու համար գետին մէջ թափուած այդ նիւթին իսկութիւնը:

Խուրի ընդգծեց, որ յանձնախումբին կատարելիք տարրալուծարանային աշխատանքին արդիւնքը պիտի բացայայտուի յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պատժել գետը ապականող կողմը:

 

Share this Article
CATEGORIES