ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

– Զաւարեան ուսանողական միութիւնը 22-29 ապրիլին կազմակերպած է «Վերադարձ դէպի արմատներ» պտոյտը դէպի Հայաստան:

Լիբանանեան համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողները մէկ շաբթուան վրայ երկարող այս պտոյտին ընթացքին պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ 23-24 ապրիլին պիտի մասնակցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ կատարուող ջահարշաւին:

– Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան «ընկերային» յանձնախումբին, 8 եւ 9 ապրիլին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Հրաչ Քեշիշեանի բեմադրութեամբ Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը» շարժապատկերը:

– Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը» լիբանանեան համալսարաններու հայ ուսանողներուն համար կազմակերպած է «Անսըր թու տոնէյթ» զարգացման մրցումը: 9 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունենալիք զարգացման մրցումին հայ ուսանողները իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել` կազմելով երեք ուսանողներէ բաղկացած խումբեր, պայմանաւ որ խումբը կազմուած ըլլայ նոյն համալսարանը յաճախող ուսանողներէ: Զարգացման մրցումին շահող խումբը իր պարգեւը պիտի նուիրէ բարեսիրական հաստատութեան մը:

– Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը» ձեռնարկած է համալսարանական մուտքի քննութեան` Էս. Էյ. Թի.ի յատուկ դասընթացքի մը, որ կը կատարուի ԶՈՄ-ի կեդրոնին մէջ (Պուրճ Համուտ, Երեւանեան շէնք) ամէն շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-3:00: Դասերը սկսած են 5 մարտին:

– Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեանական էջ»ը Ֆէյսպուքի կայքէջին վրայ ունեցաւ իր էջը (http://www.facebook.com/ZavarianaganEch): Ֆէյսպուքի ընթերցողները պիտի կարենան հրապարակային քննարկումներ կատարել «Զաւարեանական էջ»ով լոյս տեսած յօդուածներուն շուրջ եւ իրենց կարծիքը արտայայտել արծարծուած թեմաներուն մասին:

– 4 եւ 18 մարտին տեղի ունեցան «Զաւարեանական էջ» յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած երիտասարդ գրողներու եռամսեայ սեմինարին առաջին երկու հանդիպումները: Հայկական 5 վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտ-մասնակիցները անդրանիկ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան սեմինարի աշխատանքներուն եւ նպատակին, իսկ երկրորդ հանդիպումին` «Ազդակ»ի եւ ընդհանրապէս մամուլի աշխատանքին ընդհանուր հոլովոյթին: Աշակերտները յաջորդ հանդիպումներուն պիտի հետեւին զրոյց-դասախօսութիւններու, պիտի տան այցելութիւններ եւ պիտի կատարեն գրական փորձեր: Սեմինարին նպատակն է աշակերտներուն մէջ արթնցնել սէրը` լրագրութեան, յօդուածագրութեան ու հայ գրականութեան նկատմամբ եւ, ինչո՛ւ չէ, հետեւողական աշխատանքով պատրաստել հայ երիտասարդ գրողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES