ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐԸ` ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻԱ

Այս վերջին քանի մը տարիներուն սովորական երեւոյթ դարձած են լիբանանահայերուն դէպի Թուրքիա ճամբորդութիւնները: Թուրքիոյ տնտեսական հզօրացումին եւ անոր մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական ներթափանցումին զուգընթաց, Լիբանանէն շատ մը հայեր Թուրքիա կ՛երթան` առեւտրական, զբօսաշրջային թէ ուխտագնացութեան նպատակներով:

Տրուած ըլլալով, որ Թուրքիան տարածաշրջանի մէջ մեծագոյն արտադրող երկիրն է եւ մենք անոր մօտակայքին կը գտնուինք, հարկաւ պիտի ազդուինք անոր ծաւալուն ներթափանցումէն: Թուրքիան գերհզօր տնտեսական ուժ դարձած է եւ պէտք է ընդունիլ, որ անոր տնտեսութեան դէմ պայքարիլը դժուար է, անկարելի չըսելու համար: Առ այդ, մեր հայրենակիցներէն ոմանք առեւտրական նպատակներով Պոլիս կամ տարբեր թրքական քաղաքներ կը մեկնին, որպէսզի օգտուին Թուրքիոյ աժան եւ յարմար արտադրութիւններէն եւ կարենան առաւելագոյն չափով շահ ապահովել անոնց վաճառքով: Ի դէպ, Լիբանանի մէջ, հագուստեղէնի ծիրին մէջ մասնաւորապէս, Չինաստանի եւ Թուրքիոյ արտածած ապրանքները գրաւած են շուկան իրենց յարմար գիներով: Դժբախտաբար ընդհանրապէս թրքական ապրանքները աւելի որակաւոր են, քան չինականները: Հետեւաբար լիբանանցի վաճառականը իր յաճախորդը գոհացնելու համար պիտի նախընտրէ ներածել թրքականը: Այս բոլորին անդրադառնալով` պէտք է գիտակցինք, որ լիբանանահայ վաճառականը վերջ ի վերջոյ լիբանանցի է, եւ շուկան է, որ կը կողմնորոշէ անոր շահերը: Հագուստեղէնի բնագաւառին մէջ, մասնաւորապէս, Թուրքիա մեծ թափով լիբանանեան շուկայ ներխուժած է, եւ մենք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար անոր ծուղակը կ՛իյնանք: Փաստօրէն, նոյնիսկ ոչ թրքական վաճառանիշի պիտակով թրքական ապրանք կը գնենք: Բայց եւ այնպէս, լիբանանահայ վաճառականը պէտք է գիտակցի, որ իր այդ ձեռնարկութեամբ Թուրքիոյ օժանդակած կ՛ըլլայ այդ հսկայ տնտեսութեան ելեւմուտքին, թէկուզ չնչին համեմատութեամբ: Լիբանանահայ վաճառականը պէտք է խուսափի թրքկանէն եւ փորձէ ոչ թրքական ապրանքին դիմել:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա զբօսաշրջութեան մեկնող լիբանանահայերուն, հարկ է շեշտել, որ անոնք մեղք կը գործեն այդ քայլը առնելով: Ամօ՜թ եւ հազա՛ր ամօթ բոլոր այն հայերուն, որոնք Թուրքիա զբօսաշրջութեան կ՛երթան: Այս մարդիկը ազգային ոգիէ զուրկ դարձած են եւ պէտք է դատապարտուին, մինչեւ որ ընդունին իրենց գործած մեղքը եւ անդրադառնան անոր վտանգին: Անոնցմէ ոմանք կը հպարտանան իրենց ըրածով եւ Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ Թուրքիոյ մէջ իրենց լուսանկարած նկարները կը ցուցադրեն առանց ամչնալու: Ուրիշներ հրապարակաւ կը խօսին իրենց կատարած աննման պտոյտներուն մասին: Եւ աւելի տխրեցուցիչը` տեղացի արաբներու կը պատմեն իրենց քաջագործութիւնը: Եւ հոն` տեղացին անոնց հարց կու տայ . «Չէ՞ որ թուրքերը ձեր թշնամիներն էին»: Նոյն այս հայերը ժողովրդային հաւաքներուն ներկայ կը գտնուին` իբրեւ տիպար հայեր: Յամենայն դէպս  նշեալ անձերը մեղադրելով չէ, որ վերացուցած կ՛ըլլանք այս յոռի երեւոյթը կամ առնուազն տկարացուցած կ՛ըլլանք այս ամօթալի հոսանքը, այլ զանգուածին ազգային գիտակցութիւնը զարգացնելով` քարոզարշաւի միջոցով:

Վերջերս սովորական երեւոյթ դարձած է հայրենակցական միութիւններուն կատարած ուխտագնացութիւնները դէպի Թուրքիա: Այս հարցը բաւական վիճելի կը թուի եւ չի նմանիր վերոնշեալ երկու պարագաներուն: Կան երկու դիտանկիւններ: Առաջինը դէմ, իսկ երկրորդը` թեր: Ոմանք այս ուխտագնացութիւնները սխալ կը նկատեն եւ վերոնշեալ երկու հոսանքներուն հետ մէկ ծիրի մէջ կը ներառեն զանոնք: Իսկ ուրիշներ կը հաւատան, որ ուխտագնացութիւնը հայրենասիրական նպատակ կը հետապնդէ եւ ի նպաստ մեր Դատին է:

Վերջապէս, կը մնայ հաստատել, որ լիբանանահայերուն դէպի Թուրքիա ճամբորդութեան խնդիրը զգայուն ու վիճայարոյց է: Մենք պէտք է կարենանք զատորոշել ճիշդը սխալէն, պէտք է լաւ ճանչնանք մեր ազգային շահերը  եւ ամէնէն կարեւորը` պէտք է յաջողինք արթնցնել զանգուածին գիտակցութիւնը` ազգային շահերուն նկատմամբ  եւ ազգային ոգին վառ պահել` անցնելով հակայարձակողականի:

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES