ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի մը նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւեր վարձելու կարելիութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ քննարկուած են հիմնական երկու առաջարկներ, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին տուեալ ընկերութիւններուն կողմէ: Ան նշեց, որ այս իմաստով նիստերը պիտի շարունակուին:
Նշենք, որ նախարարական յանձնախումբի նիստէն բացի, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Պասիլի հետ:
Հանդիպումը ունեցաւ զուտ քաղաքական բնոյթ, որուն ծիրին մէջ քննարկուեցան կառավարութեան տագնապը եւ պետական նշանակումներուն հարցը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որոնց հետ քննարկեց զոյգ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին իր կարգին այցելեց վարչապետարան: Միքաթիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Խէյրէտտին շեշտեց, որ անտրամաբանական է, որ նախարար մը մերժէ ստորագրել կառավարութեան կողմէ վաւերացուած որոշում մը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռենտըրզ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ռենտըրզ շեշտեց Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը եւ զայն Սուրիոյ իրադարձութիւններէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները ճշգրիտ կերպով կատարելու:


