ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՃՇԴՈՒԱԾ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Մանսուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նկատել տուաւ, որ Լիբանանի վարչակարգը ազնուական վարչակարգ է, եթէ կարելի ըլլայ զայն տառացիօրէն գործադրել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անպայման այդ վարչակարգը ամրապնդել եւ պաշտպանել:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի վարչակազմն է, որ ապահոված է Լիբանանի մէջ քաղաքական հեղինակութիւններուն ներկայութիւնը:

«Պետական հաստատութիւններու հիմնումին մասին մնայուն յայտարարութիւններ կան, սակայն այդ յայտարարութիւնները ամբողջական կերպով չեն գործադրուիր ո՛չ մէկուն, ո՛չ ալ իմ կողմէս», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ անընդունելի է այն մտայնութիւնը, որ այս կամ այն քաղաքացիին յայտնես, թէ չես կրնար իրեն պաշտօնի բարձրացում շնորհել, որովհետեւ ան քու քաղաքական ուղեգիծդ չի բաժներ:

«Եթէ մենք պետական պաշտօնեաներու նշանակման նպատակով մշակուած համակարգը կը մերժենք, ապա մենք բաւական հեռու ենք ժողովրդավարութեան ոգիէն: Մենք ստիպուած ենք յարգել եւ արժեւորել ատակ պետական պաշտօնեաները, անկախ անոնց քաղաքական կողմնորոշումներէն», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան շեշտեց, որ կարելի չէ առիթ տալ, որ մեծամասնութիւնը իշխէ փոքրամասնութեան եւ պետական նշանակումները կատարուին կառավարութեան երկու երրորդին քուէներով:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած`  «Գերազանց» ըլլալու լիբանանեան մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան:

«Գերազանց» ըլլալու մրցանակներ ստացան Նաամաթ Աֆրամ եւ Զաֆեր Շաուի:

Յայտնենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որոնց հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով իրեն յղուած նամակին բովանդակութիւնը:

Ըստ նամակին, Քի Մուն ցանկութիւն յայտնած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր անձնակազմին գործունէութիւնը երեք տարիով երկարաձգել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռենտըրզը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց կենսոլորտի պահպանման նպատակով առնուած քայլերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց Թրիփոլիի զինեալ բախումները հակակշռելու իմաստով բանակին առած քայլերը:

 

Share this Article
CATEGORIES