ՊԸԸՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՔԱԹԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը հասարակաց հարցեր, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին իր աշխատանքները ստանձնած կը մնայ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր դիմագրաւած տագնապը տակաւին չէ լուծուած:
Ան աւելցուց, որ կառավարութեան տագնապը լուծելէ ետք է, որ նախարարաց խորհուրդը անմիջապէս նիստի պիտի հրաւիրուի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռենտըրզ, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքեն` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ` չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք մինչեւ օրս չէ համոզուած, որ պէտք է միջամտէ կառավարութեան տագնապը լուծելու խնդիրին:
Նշենք, որ Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` նկատի ունենալով յառաջիկայ չորեքշաբթի օր գումարուելիք օրէնսդրական նիստը եւ անոր ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը:


