ՄԵՐ ԹԻՒ 1 ԽՆԴԻՐԸ (ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ)
Արցախեան հիմնահարցի հոլովոյթի վերջին զարգացումները նկատի ունենալով կարելի է բանաձեւել, որ քաղաքական Աւարայր մղելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի (եթէ ոչ այդ ընթացքին մէջ է արդէն) հայութիւնը: Իրան-Ազրպէյճան ստեղծուած աննախադէպ լարուածութիւնը, հիւսիսային Իրանի մէջ ազերիներու մօտ խմորուող անջատողական շարժումները, Իրանը հարուածելու համար պաշտօնական Պաքուին կողմէ յայտնի դարձող տարածք տրամադրելու պատրաստակամութիւնը եւ Իրանը լրտեսելու աշխատանքներուն մէջ ազրպէյճանական դերակատարութեան բացայայտումը Թեհրանին կողմէ, կ՛ընդգծեն խնդիրներու տարողութեան ահագնացումը:
Եւ բնական է, որ նման լարուած իրավիճակի մէջ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութեան կէտերը խոշորացոյցի տակ գան, անոնց մասին ծաւալին քաղաքական մեկնաբանութիւններ, կանխատեսումներէ բխած հաւանական բեմագրութիւններ եւ այս բոլորին պատճառով պատերազմի վերաբռնկման մասին տարաձայնութիւններ:
Հայ քաղաքական միտքն ու հայկական դիւանագիտութիւնը մանաւանդ շատ նրբանկատ հաշուարկումներով առաջնորդուելու անմիջական հարկադրանքին առջեւ են: Հայաստանի Հանրապետութեան համար ցամաքային անշրջանցելի ելք է Իրանը, որուն հետ ինչպէս ապրանքաշրջանառութեան, այնպէս նաեւ ուժանիւթային կենսական պայմանաւորուածութիւններ գոյութիւն ունին: Թշնամական վերաբերմունքներով շրջապատուած եւ շրջափակուած մեր հանրապետութիւնը անուղղակի կը դիմագրաւէ նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան հետեւանքները:
Քաղաքական Աւարայր մը պէտք է ուրեմն, ոչ անպայման ճակատային պատերազմաձեւի որդեգրումի հասկացողութեամբ, այլ ազգային գաղափարախօսութեան մը շուրջ Վարդանանց ոգիով միասնականութեամբ համախմբուելու առաջադրանքով: Եւ որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքի կեդրոնացեալ եւ ծրագրուած աշխատանքին, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ հաւանաբար մէջբերել օրինակը Վահանեանց շարժումին որդեգրած կռուելաձեւին եւ անոր յանգած Նուարսակի յաղթանակին: Աւարայրեան գաղափարախօսութեամբ եւ վահանեան մարտավարութեամբ բանաձեւումով:
Առաջադրանքը, որ իր շուրջ պէտք է համախմբէ հայկական աշխարհի քաղաքական միտքն ու բոլոր հնարաւորութիւնները, ուղղուած պէտք է ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխատանքին: Ի հարկէ հարցը աշխարհաքաղաքական օրակարգ բարձրացնելը նաեւ ժամանակի ընտրութեան խնդիր է. նախապատրաստուիլը սակայն, իրաւաքաղաքական պարարտ ենթահող ստեղծելը եւ համապատասխան քայլեր առնելը այդ ուղղութեամբ մեր ներքին խնդիրն է, եւ արտաքին որեւէ արգելակիչ գործօն արդարացուցիչ տեղ չունի նման աշխատանք ուշացնելու համար:
Տակաւին. Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին կատարած աննախընթաց յայտարարութիւնը, Սլովաքիոյ պաշտօնական գնահատականը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ կը նախանշեն, որ պետութիւններ այդ մասին առնուազն քննարկումներ կատարելու դրական նախատրամադրուածութեան մէջ են: Վաղը, քաղաքական շահարկումներու տրամաբանութեամբ գործող յարաբերութիւններու որեւէ պահուն Ազրպէյճանի վրայ ճնշամիջոցներու գործողութեան շարքին կրնայ յայտնուիլ այս կամ այն երկրին կողմէ Արցախի ճանաչումի հրամայականի բարձրաձայնումը: Մեր պատրաստ չըլլալը այդ առումով բացատրութիւն չ՛ունենար: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքումը կարեւոր նախաքայլ կը համարուի այդ ուղղութեամբ:
Աւարայրի պատերազմին նախապատրաստուելու համահայկական մթնոլորտով հայկական աշխարհը այսօր իր թիւ մէկ խնդիրը պէտք է գերադասէ արցախեան հիմնահարցը եւ այդ ուղղութեամբ լարէ ու պատրաստէ իր ամբողջ ներուժը իրաւական անկախութեան յանգելու համար: Արցախը մեր Աւարայրն է, մեր լինելութեան եւ շարունակականութեան անշրջանցելի երաշխիքը, որ ուղղակի կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ եւ այդ ճամբով նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհին:

