ՄԻՔԼՈՇՔՕ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան 13 փետրուարին ընդունեց Սլովաքիոյ կրթական եւ ձեռնարկատիրական ներկայացուցիչներուն պատուիրակութիւնը` Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի առաջին նախագահ Ֆրանթիշեք Միքլոշքոյի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին Վասիլի Աթաջանեան համառօտ ներկայացուց Արցախի պատմութիւնը, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ծագման ակունքները, տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին ներկայ փուլը եւ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը: Անդրադառնալով տագնապի լուծման հոլովոյթին` ան նշեց պաշտօնական Պաքուի ոչ կառուցողական դիրքորոշումը, որ կը խափանէ բանակցային հոլովոյթը:

Ըստ Աթաջանեանի, յառաջընթացին հասնելու համար անհրաժեշտ է լուծել գլխաւոր հարցը` ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախ կարգավիճակը:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ պատասխանեց հիւրերուն հարցումներուն կապուած շրջանային հոլովոյթներուն, ղարաբաղեան տագնապի ծիրին մէջ մարդասիրական խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի կենսագործութեան տարբեր մարզերուն մէջ ներկայ իրավիճակին հետ:

14 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միքլոշքօ յայտարարեց, որ Ղարաբաղը պէտք է ամրապնդէ յարաբերութիւնները Եւրոպայի երկիրներուն հետ մշակոյթի, կրթութեան եւ կրօնի մարզերուն մէջ: Ան յորդորեց Արեւմուտքը աջակցելու Ղարաբաղին, քանի որ առանց աջակցութեան անոր դժուար պիտի ըլլայ ամրապնդել իր պետականութիւնն ու տնտեսութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES