ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՍՓԻՒՌՔՆ ԱԼ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ… «ԿԹԱՆ ԿՈՎ»ԵՐՈՒ
Անմեղ, բայց` ճակատային հարցում մը.
Սփիւռքը պէտք ունի՞, թէ՞ ոչ նիւթական յատկացումներու, ներդրումներու, աղբիւրներու, նպաստներու, որոնք առնուա՛զն բարօրութեան, յուսալիութեան կամ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեն ազգային կեանքի հեռանկարային յարատեւութեան մէջ:
Պատասխանը միանշանակ այո՛ է, եւ այն ալ` ինչպէ՜ս:
Անգամուան մը համար, դարձեալ ու դարձեա՛լ, նայինք ազգային մեր կառոյցներու իրավիճակին, որոնց մեծ մասը դալկանալու ու խամրելու տխուր ընթացքի մէջ կը գտնուի, պարզապէս անոր համար, որ անոնք կը տառապին «նիւթական սրսկում»ներու պակասէն:
Մենք աւելին կ՛ըսէինք. այդ կառոյցներու «բնակիչ»ները սկսած են «ծերանալ», տարիքային հասունութեամբ, մտքի կարողութեամբ թէ նորերու անգտանելիութեամբ:
Փետրաթափութիւն մը կը տիրէ ամէնուրեք` կրթական, հրապարակագրական, հասարակական, կուսակցական, միութենական թէ արուեստագիտական մարզերէն ներս, ուր չկան` մասնագիտական մարդուժ, տեսլապաշտ պատասխանատուներ, հմուտ գրիչներ, ձեռնհաս ղեկավարներ եւ ազգային գործիչներ:
Եւ ասիկա` ոչ թէ անոր համար, որ այդ բարեմասնութիւններով նուիրեալներ ու մասնագէտներ չկան, այլ անոնց վրայ գուրգուրալու հովանաւորներ ու պայմաններ չկան, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց իրենց «բախտ»ը փորձելու կամ չուելու այլուր:
Ինչո՞ւ հոս հասանք, ազգային խայտաբղէտ կառոյցները, մեղմ ըսած, տկարացնելով, անշքացնելով, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ պարպուելու հաւանականութեան դատապարտելով:
Արջի քաղաքականութիւն խաղալու փորձութեան մէջ պէտք չէ իյնալ, չբաժնելով վերոյիշեալ մատնանշումները, շրջանցելով զանոնք, ժամանակաւոր իրագործումներու (՞) վրայ շեշտը դնելով, մոռնալով, որ ատոնք կրնան ըլլալ անցողական, մութ ամպեր կուտակելով արտերկրի հայութեան գլխուն վերեւ:
Այս փշոտ թղթածրարին վերստին անդրադառնալու պարտաւորութեան տակ գտնուեցանք` ի լուր հետեւեալ հիմնական երեւոյթներուն:
ա.- Սփիւռքի ազգային կառոյցները, իրենց գոյութեամբ եւ անձնակազմերով, տակաւ կը մնան կարօտ` տնտեսական ներուժերու ու նիւթական նեցուկներու, ապագայական ու շարունակական հիմքերու հզօրացումով:
բ.- Արցախի վերաբնակեցման առնչութեամբ, վերջերս, պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Լիբանան, հանդիպումներ ունենալով յատկապէս գործարար շրջանակներու հետ, ապահովելու համար համապատասխան յատկացումներ:
Բնական է, այս զոյգ երեւոյթները, առաջինը իր բարեկարգուելու հրամայականութեամբ, իսկ երկրորդը` իր նպաստաւորուելու անհրաժեշտութեամբ, հաւասարապէս կենսունակութիւն են, իւրաքանչիւրը իր պարունակէն ներս:
Սակայն մեզ մտահոգողը ու չարչրկողը անբարենպաստ եւ անբաղձալի յամեցողութիւնն է սփիւռքի ազգային կառոյցները պահպանող գործօններուն` ի մասնաւորի անոնց քատրային թիւի եւ որակի վտիտութեամբ:
Ահազանգող չէ՞ հայ ուսուցիչներու նուազումը, հայ լրագրողներու ամլացումը, հայ արուեստագէտներու ստուերացումը, հայ գործիչներու անտեսումը եւ հայ ղեկավարներու նօսրացումը:
Ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ երաշխաւորել իր գոյութիւնը, եթէ դպրոցը, թերթը, մշակոյթը, կուսակցութիւնը, կազմակերպութիւնը պիտի չարժանանան լուրջ ուշադրութեան ու զօրակցութեան, ամուր ու մնայուն լծակներով, այսինքն` տնտեսական լիցքերով:
Առաւել եւս` ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ իր դերակատարութիւնը արժեւորել, եթէ անոնք պիտի յանձնուին պատահականութիւններու, անշնորհալիներու, պատեհապաշտներու ու պարագայականներու:
Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ ոչ` ազգային կառոյցներուն տէր կանգնելու յանձնարարութիւն վերցնել ու վճռակամութիւն ցուցաբերել, առաջին հերթին`
ա.- Հիմնադրամներ գտնելով կամ ստեղծելով, որոնք դժուար պէտք չէ ըլլան, այնքան ատեն որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ գործարարներ ու ձեռներէցներ, աւելի դիպուկ` հարուստներ, մեծահարուստներ ու բազմահարուստներ:
բ.- Ազգային կառոյցները օժտել մասնագէտ թեկնածուներով, որոնք ազգային յանձնառու ոգի ունին, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ու կարողական նախաձեռնութիւններ:
գ.- Ազգային կառոյցներու պատասխանատուները, անձնակազմերը, գործիչները, իւրաքանչիւրը իր դիրքին, հանգամանքին եւ արժանաւորութեան համեմատ, նիւթապէս գնահատել ու վարձատրել, յար եւ նման` այլ (կամ օտար) հաստատութիւններու, հիմնարկներու կամ ընկերութիւններու:
Անկարելի՞ են այս բոլորը, երեւակայածի՞ն են, մտացածի՞ն, թէ՞… անծին:
Ի հարկէ` ոչ: Ինչո՞ւ այդպէս պիտի ըլլան, այնքան ատեն, որ «մաշալլա», դրամագլուխով դրամատէրեր, խելքագլուխով խելացի ուժեր կան, իսկ ազգային կառոյցներուն ի՞նչ պէտք է ասոնցմէ աւելին:
Տեսանք ու լսեցինք (եւ ոչ առաջին անգամ), թէ ինչպէս սփիւռքը չվարանեցաւ ու պիտի չվարանի Արցախին օգնելու եւ ինչպիսի խանդավառութեամբ լծուեցաւ այդ ազգանուէր գործին:
Ինչո՞ւ նոյն ոգին, պատրաստակամութիւնը ու նուիրաբերումը պիտի չցուցաբերուի սփիւռքի ազգային կառոյցներուն նկատմամբ, քանի անոնք եւս կարիքն ունին երիտասարդանալու, որակաւորուելու, արդիականանալու ու մասնագիտանալու:
Անկեղծ ըլլանք. ինչ որ կատարուած էր, կը կատարուի, շնորհակալ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛ ի դէմս այրող ու բազմացող պահանջներուն, ոչ ալ ճիշդ համեմատեղելի` ունեւոր կամ բարերար (ելի) ազգայիններուն հետ:
Իսկ եթէ ազգային կառոյցները պիտի մնան իրենց «իւղով տապկուելու» պարտաւորութեան տակ, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ այս անգամ ալ սփիւռքը դիմէ արցախցի ու հայաստանցի գործարարներուն, որոնց ոմանց հարստութիւնները քաղաք(ներ) շինելու կը հասնին, որպէսզի օգնեն իրենց ծով կարիքներուն:
Հայաստանի մէջ շատ կը խօսուի «կթան կով»երու մասին, իսկ ո՞վ կը կարծէ, թէ սփիւռքը ի՛նք պէտք չունի այդպիսի «կով»երու:
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ