ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ալիւ Միրզաբեկեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նիւթական եւ արհեստագիտական մատակարարման հիմնախնդիրներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES