ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՓԱՌՔԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐԸ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ` ՀԵԶԱՍԱՀ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԵՆ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը, իր 70-ամեայ նախաձեռնութիւններուն շարքին, 23 մարտ 2012-էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ հանրայայտ թատերագիր Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:
Այս առիթով երէկ` ուրբաթ, 17 փետրուար 2012-ին, «Ազդակ»-ի թղթակիցը ներկայ գտնուեցաւ թատերախումբի փորձին` հետեւելու աշխատանքներու ընթացքին:
Թատերախաղը պատշաճ լրջութեամբ կ’անդրադառնայ մերօրեայ հարցերուն, եւ անոր կերպարները պարզ մարդիկ են, որոնց արժանապատուութիւնն ու ազնիւ ապրելու կամքը աճուրդի հանուած են վաշխառուներու կողմէ:
Շուրջ հինգ ամիսներ առաջ սկսած աշխատանքները շուտով կը հասնին իրենց աւարտին: Փորձերը կ’ընթանան Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին մէջ, ուր կը տիրէ թատերական առողջ մթնոլորտ:
Ներկայացման մէջ ընդգրկուած են դերասաններ Գէորգ Նալպանտեան, Հրակ Տեմիրճեան, Թինա Թաշճեան-Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Նարեկ Առաքելեան, Յաւերժ Շխրտըմեան, Յովհաննէս Հելվաճեան, Բալիկ Լատոյեան եւ Պօղոս Մալեան: Բեմադրիչ Ռ. Առաքելեան խստապահանջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
Փորձին ներկայ էին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտները: Այս գծով միեւնոյն ատեն «Արեգ»-ի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան յայտնեց, որ այս ներկայութիւնը պէտք է աւանդութեան վերածուի, նախ իբրեւ դաս, եւ ապա որպէսզի ապագայ դերասանները մօտէն ծանօթանան «Գ. Իփէկեան»-ի մթնոլորտին: Բեմադրիչը յայտնեց, որ «Գ. Իփէկեան»ի վարչութիւնը ներկայացման կազմակերպական աշխատանքներուն եռանդուն կերպով կը հետեւի, մինչ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները յաճախակի կերպով կը հետեւին աշխատանքներուն:
Ան աւելցուց, որ արդէն ներկայացման աշխատանքային կազմը յստակացած է. ձայնի պատասխանատուն Նժդեհ Մկրտիչեանն է, բեմավարը` Լիզա Կիւլիւմեանը, բեմանկարիչը` Ռոստոմ Գույումճեանը, բեմայարդարումի յղացումն ու երաժշտական ձեւաւորումները կը պատկանին Նարեկ Առաքելեանին, բեմայարդարման իրագործումը վստահուած է ԺոզեՖ Սթամպուլեանին, իսկ երաժշտութիւններու ընտրութեան նպաստած է Սուրէն Խտըշեան, մինչ քանդակագործ Վարդան Աւեսեան բեմայարդարման մէջ ունեցած է իր կարեւոր ներդրումը:
Վերջապէս, Ռոպերթ Առաքելեան հաստատեց, որ ներկայացումին փորձերը հեզասահ ընթացքի մէջ են, եւ յոյս յայտնեց, որ արուեստի տեսակներու մէջ բարդագոյնը` թատրոնը իր այս ներկայացումով ու հաւաքական աշխատանքով արժանանայ հանդիսատեսներու գնահատանքին:

