ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ միացեալ պաշտամունք:

Հաւաքին ընթացքին փառաբանութեան երգերով, ընթերցումներով եւ աղօթքներով յարգանք մատուցուեցաւ Վարդանանց ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին:

Պաշտամունքի պատգամախօսն էր պատ. Հրայր Չոլաքեան, որ նշեց, թէ հայերը պէտք է իրենց նախնիներէն դասեր քաղեն: Ան ըսաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտը կրօնի մը կամ ժողովուրդի մը դէմ պատերազմ չէր, այլ` չարին դէմ կռիւ էր, խաղաղութեան եւ անարդարութեան դէմ էր:

Պատուելի Չոլաքեան շեշտեց, որ այսօր եւ ամէն օր պէտք է սպառազինուիլ` ապրելու հաւատքով, արդարութեամբ եւ խաղաղամտութեամբ, որպէսզի վաղուան պատրաստ ըլլայ հաւաքականութիւնը:

Ան աւելցուց, որ այսօրուան պայքարին մեկնակէտն է բաց պահել հայկական վարժարանները եւ ապահովել սերունդներու պահպանութիւնը: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին մէջ հերոսները պատահաբար չեն ծնիր, այլ` կը կազմաւորուին, եւ այս գծով պէտք է աշխատանք տանիլ:

Իր խօսքի աւարտին, պատ. Հրայր Չոլաքեան կոչ ուղղեց ներկաներուն ուխտելու շարունակել Վարդանանց ուղին:

Պաշտամունքը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES