ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՈԳԻՆ ԿՐԿԻՆ ԹԵՒԱԾԵՑ ԱՅՆՃԱՐԻ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ՎՐԱՅ

Ազգային տօները միշտ եւ խանդավառութեամբ յիշատակուած են Այնճարի մէջ:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութեան հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ին, «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի գոյամարտի ոգեկոչումը` ներկաներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեան յաջորդեց Լալիկ Խօշեանի բացման խօսքը: Ան ի միջի այլոց անդրադարձաւ Վարդանանց ոգիին, որ անցած է սերունդէ սերունդ` հասնելու համար Սարդարապատ, ապա իր դրօշմը դրած է Փետրուարեան ապստամբութեան վրայ` հասնելու համար մինչեւ Արցախ:

Պատ. Տաթեւ Պասմաճեան

Օրուան առաջին բանախօսն էր պատ. Տաթեւ Պասմաճեան: Պատուելին իր խօսքը սկսաւ ցոյց տալով, թէ հազիւ քրիստոնեայ դարձած հայ ժողովուրդը արդէն պատրաստ էր վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց կռիւ մղելու:

Նկատելի է Վարդանանց պատերազմի պատմութեան մէջ, թէ Ղեւոնդ Երէցի պատգամէն եւ Վարդանի ճառէն ետք բոլորը մեղքերու խոստովանանք կատարեցին ու հաղորդութիւն ստացան եւ այդպէս զոհուելու գացին: Անոնք քաջ գիտէին, թէ զոհուելու համար կ՛երթան: Քրիստոնէական կեանքը նոր սահմանում կը ստանայ Վարդանանց պատերազմի եղելութեամբ: Անոնց համար քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ քրիստոնէութիւնը ապրիլ մինչեւ իսկ զոհուելու գնով: Այս գիտակցութեամբ անոնք ըսին Յազկերտին` «քու սուրդ` մեր պարանոցները», շեշտեց պատուելին:

Թէ Վարդանանց պատերազմը ի՛նչ հրամայականներ կը փոխանցէ մեզի այսօր` պատուելին ըսաւ, որ եթէ հարցնենք այսօրուան հայ երիտասարդներուն առջեւ դրուած դժուարութիւններուն մասին, անոնց մեծ մասը նիւթական դժուարութիւնները պիտի յիշէ, եւ թերեւս այլ տեսակի մարտահրաւէրներ: Բայց դժբախտաբար շատ քիչեր պիտի անդրադառնան Հայ դատին կարեւորութեան, հայ ազգին ձուլման պատճառներուն, կամ հայ եւ քրիստոնեայ ընտանիք մը կազմելու կարեւորութեան:

«Իսկական հարցումը հետեւեալն է սիրելիներս. մենք ի՞նչ կ՛ընենք մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ դպրոցներուն եւ ակումբներուն համար: Թող Վարդան եւ իր անթառամ յիշատակը մեզ զգաստ պահեն եւ շարունակեն ներշնչել մեր հայ ազգը, որպէսզի կարենանք այնպիսի սերունդ մը դաստիարակել, որ պիտի չբաւարարուի արտաքին երեւոյթներով, այլ պիտի ուզէ ունենալ իսկական առաքինի արժէքներ ապրելու հայ քրիստոնեայ անհատին կոչումը», ընդգծեց պատուելի Պասմաճեան:

Ճորճ Գրիգորեան

Օրուան երկրորդ պատգամախօսն էր Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց հայութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազան խաւերը, որոնց շարքին կան օտարամոլներ, անտարբերներ, բայց կան նաեւ ազգային հարցերով մտահոգ անհատներ:

Ճ. Գրիգորեանի շօշափած յաջորդ միտքը հետեւեալն էր. ֆրանսացի ամէնէն ազդեցիկ պատմաբաններէն մին կ՛ըսէ, որ մեծ են այն ժողովուրդները, որոնք մեծ աղէտներէ ետք կրցած են վերականգնիլ: Բայց եթէ գերմանացիները, ճափոնցիներն ու հրեաները վերականգնած են, ատիկա եղած է շնորհիւ միջազգային ճիգին եւ օգնութեան, իսկ հայերը իրենց բոլոր դժուարութիւններէն դուրս եկած են առանձին, սեփական ուժով, քրտինքով եւ արիւնով:

Այնուհետեւ պատգամախօսը շարունակեց իր միտքը` բաղդատական մը կատարելով Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը յեղաշրջումներու եւ Վարդանանց սխրագործութեան միջեւ. ան վկայակոչեց Քոլոմպիա համալսարանի համաշխարհային բաղդատական պատմութեան դասախօս Ճէյմս Ռասըլը, որ ըսած է, թէ Աւարայրի ճակատամարտը մարդկութեան պատմութեան առաջին ժողովրդային պատերազմն է, որ մղուած է խղճի ազատութեան եւ անհատական ու հաւաքական իւրայատկութիւնը եւ ժառանգութիւնը պահպանելու իրաւունքին համար, անհամեմատ մեծ ուժի մը դէմ առանց օտար նեցուկի` զինուած միայն արդարութեան եւ իրաւունքի զէնքով:

Ֆրանսական յեղափոխութեամբ կը հպարտանան ֆրանսացիք, թէ իրենք մարդկային իրաւունքներուն համար յեղաշրջում ըրած են, բայց ատիկա միայն 1789-ին էր, իսկ հայերը համամարդկային իրաւունքներու համար շատ աւելի առաջ իրենց ձայնը բարձրացուցած են:

Դարձեալ ամբողջ աշխարհէն լքուած եւ ցեղասպանութենէն հազիւ դուրս ելած, սովէն ու համաճարակէն հիւծուած եւ խորհրդային նենգամտութեան դիմած այդ ժողովուրդը եկաւ ըսելու իր «ոչ»-ը եւ Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշը պարզուեցաւ անարդարութեան դէմ:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Ճ. Գրիգորեան անդրադարձաւ արցախեան հերոսամարտին, ուր դարձեալ հայը առանձին էր, եւ իր առանձնութեան մէջ հզօր: Հայերը որսորդական հրացաններով դէմ դրին հրասայլերու եւ յաղթեցին, ինչպէս յաղթած էր 4500 տարի առաջ Հայկ նահապետը, իսկ 1600 տարի առաջ` Վարդանը: Յաղթական այս երթը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն, որ ազգային այս ոգին տակաւին ուժեղ է:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ուեցան ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները նախ ասմունքով, ապա խմբերգով մը, իսկ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտները, դպրոցի արուեստի ուսուցչուհի Նարինէ Գրիգորեանի ջանքերով բեմականացուցին Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութիւնը, ինչ որ ներկաներուն կողմէ մեծապէս գնահատուեցաւ` նկատի ունենալով պարին նոր շունչն ու ոգին:

Ներկաները գօտեպնդուած եւ ազգային բարձր տրամադրութեամբ սրահէն դուրս եկան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES