«ԿԵՆԱՑ ԾԱՌ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՇՈՒՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ)

2010-ին «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 72 հրատարակութիւնը լոյս ընծայեց Շուշիկ Տասնապետեանի «Կենաց ծառ» խորագրեալ քերթողագիրքը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց Անթիլիասի տպարանէն, խմբագրութեամբ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի:

Հատորը կը բաղկանայ 144 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկու հիմնական բաժինները. «Եօթնեակներ» ու «Ազատ եւ տարբեր բանաստեղծութիւններ»:

Պէտք է ըսել, որ յիշեալ քերթողագիրքին ընդհանուր մթնոլորտը տիրապետուած է կրօնաշունչ զգացումներով: Մոմը, կնդրուկը, շարակնոցը, կիրակին, կոչնակն ու երկնային իմացութեան հետ առնչուած սրբառատ երեւոյթներ մաս կը կազմեն հատորի բովանդակութեան:

Սոյն գործին առաջին բաժինը կը բաղկանայ քսանհինգ եօթնեակներէ, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ կրօնական տօներ: Այսպէս, կը պատկերացնէ Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնը, երբ եկեղեցւոյ կոչնակը աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալը:

Կ՛ըսէ, թէ բոլոր ծառերուն մէջ արմաւենին կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ մը այն  իմաստով, որ միակ ծառն է անիկա, որ կը յիշեցնէ իրենց նախկին վարժարանի բակին մէջ հասակ առած այն արմաւենին, որուն բունէն դէպի վեր կը մագլցէր արաբ բանուոր մը:

Կ՛ըսէ, թէ պահեր կան, երբ ան կը դրսեւորէ իր զայրոյթը յաչաղկոտ ոսոխներուն դէմ, բայց կարճ ժամանակ մը ետք կը համակուի աստուածային երկիւղով եւ կը ներէ չարակամ մարդոց` անյիշաչար բարութեամբ:

Հեղինակը յատուկ խանդաղատանքով մը կը թուէ բարեմասնութիւնները Բուրդիկ անունով իրենց տան կատուին, որուն մարմնական յատկութիւնները կը կազմեն սպիտակ թաթիկներն ու դեղնագոյն աչքերը:

Շուշիկ կ՛ուզէ ապրիլ կեանքը` Աստուծոյ փառքը փառաւորելով, որ կը հանդիսանայ կիզակէտը իր առօրեայ մտորումներուն:

Իր փափաքն է այցելել հայրենի ազատագրեալ շրջանները, տեսնել Արցախն ու Շուշին, որոնց երկնակամարին տակ կարելի է ապրիլ եւ գոյատեւել:

Ան կը սիրէ  որբացած մանուկները, որոնց ծնողները զոհ գացած են պատերազմի արհաւիրքին:

Շուշիկ կ՛ըսէ, թէ կ՛արժէ ապրիլ կեանքը մինչեւ մահ եւ մինչեւ իսկ շիրմային իրականութենէն ալ անդին, ինչ ալ ըլլան մեզ մտալլկող կենցաղական աննպաստ պայմանները:

Հեղինակը արուեստի մասին կու տայ հետեւեալ պատկերաւոր բացատրութիւնը.

«արուեստ` ազատ ազդեցութենէ,
անգլուխ անտէր անկաշկանդ,
արուեստը – յեղափոխ ծննդական գիր –
արուեստ` ինքնակալ ինքնօրէն ինքնեկ,
ինքնագիր համաձայնական արուեստ»:

Հակառակ այլազան հարցեր արծարծելուն` Շուշիկ կը մնայ հետամուտ կրօնաբոյր զգացումներու: Եկեղեցին այն վայրն է, ուր ան կը դառնայ անձնատուր միստիկ պահերու: Այս յղացքով, ճրագալոյցի երեկոն անփոխարինելի այն պահն է, ուր ան կը լիանայ հոգեկան սփոփարար խաղաղութեամբ:

«Եկեղեցին նուէր հոգւոյս` խաղաղի՜լ
սիրել աշխարհը մթին ծփանուտ
եկեղեցին քաոսներ մեղմող` զիս արդ կը կարթէ
աղօթել լռին (նոթաներ մունջ)
եկեղեցին ժողվող զգաստարան հաւաքո՛ղ»:

Հայկական Եղեռնը իր արիւնոտ իրադարձութեամբ մաս կը կազմէ «Կենաց ծառ» քերթողագիրքին, ուր Շուշիկ Տասնապետեան կ՛անդրադառնայ այն մահաշուք տարիներուն, երբ իրենց օճախներէն տարագրուած բազում հայորդիներ կը նահատակուին անծանօթ ամայքներու մէջ: «Եղանակներ» խորագրեալ քերթուածը վկայութիւնն է այս ցաւատանջ իրողութեան:

«Ոգեվար եղանակներ մղձաւանջ Ապրիլի
գանկ ու ոսկոր մեծ Աղէտէն ժառանգուած
եւ աղօթքդ Աստուծոյ անպատասխան կը մնայ…
եղանակներ գարուններու – կոծկական –
անգամ արտօսր չմնաց,
եղանակներ` խիճ ու քար, եւ անապատ եւ աւազ»:

Շուշիկ չի նկարագրեր միայն աքսորի ճամբաներուն վրայ հաշմանդամուած ու լլկուած կիներու եւ յօշոտուած երեխաներու եղերական վիճակը, այլ արդար ցասումով հատուցում կը պահանջէ նաեւ հայ ժողովուրդի վայրենատիպ մարդասպաններէն:

«Բայց հատուցումը կու գայ ապաժամ
«Վրէ՜ժ» կը գոռայ մայր-երկիրս ալեկոծ
Եդեմական հողեր միացում մը կ՛երգեն
Օ՜ առաւօտը, որ սպասուած էր վաղո՛ւց…
Հատուցման ժամն է արդար»:

Հեղինակը կը հաւատայ, թէ մահն ու կեանքը ընդելուզուած են իրարու, որոնց ընկերակցութեամբ կը մտնէ տաճար աղօթելու եւ քաղելու «երջանկութեան խոստումներ»:

Խորապէս ան կը սիրէ ընտանիքը, որ իր բնութագրումով, համակ սրբութիւն է, պատիւ է ու սէր:

Հատորին «Կտաւ» խորագրեալ քերթուածին մէջ Շուշիկ կը կերպարէ գեղանկարչական մթնոլորտ մը, ուր իր մտքին կտաւին վրայ կը նկարէ ծովափնեայ տեսարան մը, որուն բաղադրիչ տարրերը կը հանդիսանան` աւազներու վրայ հանգչած հոգեվար ձուկ մը, դեռափթիթ աքասիաները, խիճն ու քարը, կակղամորթ ոստրէն եւ ծովու համայնապատկերը:

Արդարեւ, «Կենաց ծառ» խորագրեալ քերթողագիրքը ուշագրաւ գործ մըն է, ուր Շուշիկ Տասնապետեան ճաշակով եւ անկեղծութեամբ կը ներկայացնէ ազգային եւ հոգեմտաւոր կեանքի շուրջ իր ըմբռնումները:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յունուար, 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES