ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին Միքաթի դրուատեց սուրիացի ժողովուրդին կողմէ երկրին նախագահին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, որ սադրանքներուն ձախողեցման հիմնական հարուածը դարձաւ:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւններն ու լիբանանեան – եգիպտական յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Այս մասին Հըզպալլա ոչինչ յայտարարեց, իսկ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետին եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են` աւելցնելով, որ Միքաթիի եւ սէյիտ Նասրալլայի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 24 փետրուարին:
Նոյն աղբիւրները մերժեցին կառավարութեան կազմութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարել` ընդգծելով, որ բացի դրական մթնոլորտէն, տակաւին շօշափելի ոչինչ կայ կառավարութեան կազմութեան իմաստով:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր ուղղուեցաւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց, ուր ան այցելեց զօր. Միշել Աունին, որ երեքշաբթի երեկոյեան բժշկական սովորական քննութիւններ կատարելու համար մտած էր նշեալ հիւանդանոցը: