7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԱՌԵՒԱՆԳՈՂ ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆ` ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
Լիբանանի ապահովական կառոյցները երէկ շարունակեցին Արեւմտեան Պեքաայի, Ժըպ Ժըննինի եւ Մաժտալ Այնճարի մէջ փնտռել 7 էսթոնիացի առեւանգուած զբօսաշրջիկները:
Այս ծիրին մէջ կարգ մը անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ ապահովական ուժերը կրցած են ձերբակալել էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումով ամբաստանուած գլխաւոր կասկածելին:
Միւս կողմէ, Նահտա ուալ Իսլահ անունը կրող անծանօթ խմբաւորում մը երէկ ստանձնեց 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը` ընդգծելով, որ զբօսաշրջիկները ողջ առողջ են: Իբրեւ ապացոյց խմբաւորումը ուղարկեց նաեւ 3 էսթոնիացիներու անձնագիրերու լուսապատճէնները:
Նահտա ուալ Իսլահ խմբաւորումը իր կողմէ ոչ մէկ պահանջ ներկայացուց էսթոնիացիները ազատ արձակելու իմաստով:
Այս մասին Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայեթ յայտնեց, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները մութ պայմաններու մէջ առեւանգուած են` աւելցնելով, որ իրեն համար տակաւին յստակ չէ, թէ անոնք Լիբանանի մէ՞ջ են թէ այլ երկրի մը մէջ:
Փայեթ յայտնեց, որ առեւանգողները ահաբեկիչներ չեն, սակայն անոնք քրէական նախադէպեր ունեցող անձեր են:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող աւազակախումբը կը բաղկանայ վեց կամ եօթը անդամներէ, որոնց չորսը արդէն իսկ ձերբակալուած են, իսկ մնացեալ երկուքը կամ երեքը փախուստ տուած են առեւանգուած զբօսաշրջիկներուն հետ:
Զօր. Ռիֆի շեշտեց, որ առեւանգումը ծրագրող հիմնական ուղեղը կը նկատուի Ուաէլ Ապպաս, որ Մաժտալ Այնճարի բնակիչներէն է: Ան ըսաւ, որ Ապպասի հայրն ու եղբայրը ձերբակալուած են եւ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:
Զօր. Ռիֆի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի շարունակեն փնտռտուքի իրենց ջանքերը` շեշտելով, որ օրինաւոր կերպով Լիբանան այցելած ոեւէ քաղաքացիի անվտանգութիւնը լիբանանեան ապահովական ուժերուն պատասխանատուութիւնն է:
«Մեր եւ լիբանանեան բանակին բազուկները ուժգին պիտի հարուածեն բոլոր անոնց, որոնք երկրին ապահովական կայունութիւնը կը խանգարեն», եզրափակեց ան: