ԸՍՏ ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՌԱՋԻՆԸ ՊԻՏԻ ՉՅԱՐՁԱԿԻ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզական ծառայութեան տնօրէն զօր. Ռանըլտ Պըրկես Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարած է, որ Իրան իր վրայ յարձակման պարագային պատրաստ է պատասխան հարուած հասցնելու, սակայն դժուար թէ ճակատումի նախաձեռնէ կամ զայն հրահրէ:
«Իրան կրնայ ծայրայեղ պարագային ժամանակաւորապէս փակել Հորմուզի նեղուցը կամ հրթիռներ արձակել Միացեալ Նահանգներու կամ անոր դաշնակիցներուն ուղղութեամբ, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, երբ իր վրայ յարձակում կատարուի: Նաեւ չի բացառուիր, որ Թեհրան, ի պատասխան, կրնայ աշխարհի տարբեր անկիւններէն ահաբեկիչներ ներգրաւել, սակայն քիչ հաւանական է, որ Իրան իբրեւ նախաձեռնող հանդէս գայ կամ միտումնաւոր պատերազմ հրահրէ», ըսած է Պըրկես:
Զօրավարը նաեւ ընդգծած է, որ Փենթակոնի տուեալներով` Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու տակաւին պատրաստ չէ:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ «պատերազմի սկսելու չենք ջանար, սակայն պատրաստ ենք Իսրայէլին անմիջապէս եւ խիստ ցաւցնող պատասխան հարուած հասցնելու»:

