«ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԵՒ ՀԱԼԷՊԻ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐԱԾ ԿՈՂՄԸ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԹԵՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»-Ի ՏՆՕՐԷՆԸ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը հինգշաբթի երեկոյեան 137 թեր, 12 դէմ եւ 17 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը, որ սուրիական վարչակարգին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս վերջ տալու ընդդիմադիրներուն դէմ բռնարարքներուն եւ անվերապահ կերպով կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման Արաբական լիկայի ծրագիրին: Սէուտական Արաբիոյ կողմէ բանաձեւուած եւ Եգիպտոսի ու կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ ներկայացուած բանաձեւին դէմ քուէարկած երկիրներուն շարքին էին Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը: Ձեռնպահ մնացած երկիրներուն շարքին են Լիբանանն ու Ալճերիան:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը Ասատի վարչակարգին ուղղուած յստակ պատգամ մըն է»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ ըսաւ, որ «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը սուրիացի ժողովուրդին մեծ զօրակցութիւն մըն է»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ «Դամասկոս պէտք է ականջ տայ միջազգային հանրութեան կոչին եւ սուրիացի ժողովուրդի ձայնին»: ՄԱԿ-ի մօտ Եգիպտոսի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժետ Ապտել Ֆաթահ յայտարարեց, որ «ասիկա սկիզբ է եւ ոչ թէ վերջ»:
Ռուսիա մերժեց Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը եւ կոչ ուղղեց` երկխօսութեան ճամբով քաղաքական լուծում մը գտնելու: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, որ սուրիական ղեկավարութիւնը մեկուսացնելու եւ անոր հետ որեւէ գործակցութիւն մերժելու փորձ մը գոյութիւն ունի: ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Լի Փաու Տունկ մերժեց Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութիւն եւ նշեց, որ պատժամիջոցները տագնապի լուծման չեն նպաստեր: Իրանի մնայուն ներկայացուցիչը իր կարգին քննադատեց Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը եւ կոչ ուղղեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող քաղաքական հոլովոյթի մը ձեռնարկելու:
Միւս կողմէ, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճէյմս Քլափըր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցով յանձնախումբին առջեւ լսումներու ընթացքին յայտարարեց, որ կը թուի, թէ Իրաքի մէջ Քայիտայի թեւն է, որ վերջին ամիսներուն Դամասկոսը եւ Հալէպը ցնցած ականահարումները կատարած է: Ան նշեց, որ չկայ որեւէ ցուցանիշ, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը մօտ օրէն պիտի վճռուի` զգուշացնելով, որ Քայիտա կրնայ Ասատի վարչակարգի տապալումին պարագային գոյանալիք բացը լեցնել փորձել:
«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը մտավախութիւն յայտնեց, որ Քայիտայի անդամներ սուրիական ընդդիմութեան պառակտուած վիճակին պատճառով վերջինիս շարքերուն մէջ ներթափանցած ըլլան: Քլափըր ըսաւ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը մօտէն կը հետեւի սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստանոցին. այդ զէնքերը ներկայ հանգրուանին ապահով կը թուին` նշելով, որ սուրիական քիմիական զինանոցը Քազզաֆիի քիմիական զէնքի պահեստներէն աւելի մեծ խնդիր մըն է:
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 1999-ին Ապտիւլլա Օճալանի բանտարկութենէն ետք Կորդուաց շրջանէն փախուստ տուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները Ասատի կառավարութեան աջակցելու նպատակով դարձեալ թրքական սահմանին վրայ տեղակայուած են:
Պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան վարչակարգը ընդդիմութեան հետ ունեցած խնդիրին պատճառով աչք կը փակէ երկրին մէջ ՔԱԿ-ի գործունէութեան վրայ: Ըստ «Թէ.Ռէ.Թէ.»ի, քիւրտ զինեալները Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող Աֆրին շրջանին մէջ անցարգելներ հաստատած են եւ այդ տարածքներուն կը հսկեն: «Անոնք տեղւոյն բնակչութիւնը կ՛ահաբեկեն», կը նշէ թրքական պատկերասփիւռի կայանը:


