ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԺՈՄՊԼԱԹ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Ժոմպլաթ եւ Տաւութօղլու

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այցելած է Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային նորագոյն զարգացումները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ժոմպլաթի այս այցելութիւնը կ՛իյնայ Պէյրութի մէջ Տաւութօղլուի հետ անոր ունեցած հանդիպումին եւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու յանձնառութեան շրջագիծին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ, որ Ժոմպլաթ-Տաւութօղլու հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է քաղաքական եւ մարդասիրական բոլոր ջանքերը ի գործ դնելու կարեւորութիւնը` Սուրիան փրկելու իր դիմագրաւած տագնապէն, ինչպէս նաեւ ընդգծելու, որ միայն քաղաքական լուծումով կարելի է փրկել Սուրիան:

Նշենք, որ Ժոմպլաթի կատարած այս այցելութեան անոր ընկերակցեցաւ ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց հարցերու խորհրդական Տորէյտ Եաղի:

Share this Article
CATEGORIES